Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Եւրոպայի Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականի մրցումներէն ետք յստակացան 2026-ի Մոնտիալի զտումի խմբակները գլխաւորող խումբերը:
Հայաստան, որ Զ. խմբակին մաս կը կազմէր, իր խմբակին մէջ պիտի ունենայ Փորթուգալը:
Հայաստանի մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սեփփի գլխաւորած խումբը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Երեւանի մէջ` հիւրընկալելով Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Փորթուգալը յառաջիկայ 6 սեպտեմբերին:
Յուսանք, որ մինչեւ սեպտեմբեր կը լուծուին բոլոր հարցերը, եւ բոլոր արժանի մարզիկները իրենց հարցերը կը լուծեն Հայաստանի ֆետերասիոնին հետ, իսկ մարզիչն ալ իրաւասութիւն կ՛ունենայ ազգային խումբ հրաւիրելու բոլոր արժանի հայերը, որոնք լաւապէս կրնան ներկայացնել ազգային խումբը ամբողջական նուիրումով:
Ստորեւ` Հայաստանի զտումի մրցումներու ժամանակացոյցը.
6 սեպտեմբեր
Հայաստան – Փորթուգալ
9 սեպտեմբեր
Հայաստան – Այիր
11 հոկտեմբեր
Հունգարիա – Հայաստան
14 հոկտեմբեր
Այիր – Հայաստան
13 նոյեմբեր
Հայաստան – Հունգարիա
18 նոյեմբեր
Փորթուգալ – Հայաստան