Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ 4 Պարտութենէ Ետք Վերադարձաւ Ինքզինք

Մարտ 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 4 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք կրցաւ ինքզինք գտնել եւ 120-91 արդիւնքով յաղթեց Մութա Ճեզին` Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ:

Ճերըթ Էլըն 18 կէտ եւ Տոնավըն Միշել 16 կէտ աւելցուց, մինչ Էվըն Մոպլի 11 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 3 պլոք կատարեց մրցումի մը ընթացքին, ուր 6 մարզիկներ 10-էն աւելի կէտեր նշանակեցին Քլիվլենտի հաշուոյն:

Տարիըս Կարլենտ (12 կէտ), Տէանտրէ Հանթըր (15 կէտ)  եւ Թայ Ճերոմ (12 կէտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյններէն:

Քայլ Ֆիլիփովսքի 18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Եութայի, որ իր 56-րդ պարտութիւնը կրեց, մինչ այս յաղթանակը Քլիվլենտին 57-րդն էր:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր 59-րդ յաղթանակը արձանագրեց Լոս Անճելըսի մէջ` պարտութեան մատնելով Քլիփըրզը` 103-101 արդիւնքով:

Ճէյմս Հարտըն դարձաւ «Էն Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 11-րդ լաւագոյն սքորըրը, երբ անոր կէտերու ընդհանուր հաշիւը հասաւ 27 հազար 410 կէտի` 1 կէտով գերազանցելով Մոզըս Մալոնը: Անոր յաջորդական մրցակիցն է Քարմելօ Անթոնի, որ 28 հազար 289 կէտ նշանակած է 10-րդ դիրքի վրայ:

Նշենք, որ Լըպրոն Ճէյմս կը գլխաւորէ դասաւորումը` 41 հազար 941 կէտերով:

Նոյնիսկ առանց ամբողջական խումբի Թանտըր կրցաւ յաղթել Քլիփըրզին:

Չեթ Հոլմկրէն եւ Ճէյլըն Ուիլիամս կը բացակայէին թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալու պատճառով, մինչ Շէյ Հիլճիըս – Ալեքսանտր 24 տոկոս միայն նշանակեց, բայց ընդհանուր առմամբ 26 կէտով եւ 8 էսիսթով աւարտեց մրցումը:

Արոն Ուիկինզ 19 կէտ աւելցուց ի նպաստ Թանտըրի, որ իր  յաջորդական 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Քուայ Լենըրտ 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Հարտըն 17 կէտ աւելցուց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի հաշուոյն, բայց 5 յաղթանակներէ ետք Քլիփըրզ պարտութիւն կրեց:

Մայեմի Հիթ 122-105 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին, ուր Էնտրու Ուիկինզ 42 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի, մինչ Մայլզ Պրիճզ 17 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Չարլոթի կազմէն:

Ճամալ Մարէյ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըր Նակեթցի, որ 116-111 արդիւնքէն յաղթական վերադարձաւ Հիուսթընէն առանց սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.-

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 101-103
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց 111-116
Աթլանթա Հոքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 132-119
Մայեմի Հիթ – Չարլոթ Հորնեթց 122-105
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 89-123
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 116-129
Եութա Ճէզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 91-120
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 136-130

Նախորդը

Ազգերու Լիկայի Բաժակ. Սպանիա Եւ Ֆրանսա Փենալթիներով Հասան Կիսաւարտական

Յաջորդը

Թիակօ Մոթթա Պիտի Փոխարինուի…

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը.  Պատուեց «Ռան Տը Սիթի»-ի Յաղթականները`  Վաւերացուած Արդիւնքներէն Ետք
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը. Պատուեց «Ռան Տը Սիթի»-ի Յաղթականները` Վաւերացուած Արդիւնքներէն Ետք

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ծովակ Քէօշկերեան Պաշտօնապէս «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ Արձանագրուեցաւ
Մարզական

Ծովակ Քէօշկերեան Պաշտօնապէս «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ Արձանագրուեցաւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան` Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան` Արծաթէ Մետալակիր

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?