Սկսած է «Եօթներու խմբակ»-ի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հետ Հայաստան այցելութիւնս. այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն:
«Հայաստանի ժողովրդավար դաշնակիցները պէտք է Ազրպէյճանին հասկցնեն, որ եկած է Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան գալու ժամանակը», գրած է «Ռասմուսեն կլոպըլ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը:
Ռասմուսեն պաշտօնական հանդիպումներու շարքին երէկ այցելած է Իջեւան: