Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն Գերմանիոյ Մէջ Իրենց Ռազմակայանէն Ժամանակաւորապէս Հայաստան Տեղափոխել 151 Միաւոր Սպառազինութիւն Եւ Սարքաւորումներ

March 18, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Գերմանիոյ մէջ գտնուող իրենց ռազմակայաններէն մէկէն սպառազինութիւն եւ փոխադրական միջոցներ տեղափոխել Հայաստան: «Ռաշա Թուտէյ»-ի ուսումնասիրած փաստաթուղթերուն համաձայն, փոխադրումները կը նախատեսուին իրականացնել Վրաստանի տարածքով: Չի բացառուիր, որ այս գործողութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ Փենթակոնի եւ հայկական բանակի հաւանական միացեալ ռազմափորձերուն հետ:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու պետական գնումներու կայքին, Միացեալ Նահանգներու բանակի գումակային հրամանատարութիւնը կը նախատեսէ Գերմանիոյ Տուլմենի ռազմակայանէն սպառազինութիւն տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ զօրամասի «Զառ» ուսումնական կեդրոն:

Տեղափոխումը նախատեսուած էր 16 յուլիսին: Կը սպասուի, որ ատիկա տեւէ մինչեւ 7 օգոստոս:

Սպառազինութեան Գերմանիա վերադարձը, ինչպէս նշուած է փոխադրական ծառայութիւններու մատուցման նուազուրդին մէջ, նախատեսուած է 21 օգոստոսէն 20 սեպտեմբեր 2025 երկարող ժամանակահատուածին մէջ: Սակայն նուազուրդը ունի պայման` սպառազինութիւնը չի կրնար տեղափոխուիլ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի տարածքով` «դիւանագիտական արտօնութիւններու առնչուած դժուարութիւններու պատճառով»:

Ընդհանուր առմամբ, կը նախատեսուի տեղափոխել 151 միաւոր սպառազինութիւն, ներառեալ փոխադրամիջոցներ, ելեկտրական շարժակներ եւ մասնագիտացած բեռնարկղներ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առնչութեամբ «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ սպառազինութեան տեղաշարժերը` գործողութեան անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով»:

Նախորդը

Պաղայի Դարձեալ Կ՛ողջունէ Հայաստան – Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախագիծի Համաձայնեցման Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտը

Յաջորդը

Ուալց. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Տագնապը Պէտք Է Աւարտի, Բանտարկեալները Պէտք Է Ազատ Արձակուին»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.