Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի հաղորդագրութեան մը ճամբով հրապարակեց շարք մը որոշումներ` փոփոխութեան ենթարկելով Քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ կարգ մը պաշտօններ` բաւարարելու համար օդակայանի կառավարման բարելաւման համար ակնկալութիւնները, մինչեւ քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր մարմինի վարչական խորհուրդ կազմելու աշխուժ քայլերու ամբողջացումը:
Որոշումներուն հիմամբ Ամին Ժապեր նշանակուեցաւ Քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր տնօրէն, Քամալ Նասրէտտին` օդակայանի տնօրէն, Մոհամետ Սաատ Պամհամ սարքերու վերանորոգման ծառայութեան ղեկավար, իսկ Մահեր Շահապ` ցուցմունքներու բաժանմունքի ղեկավար:
Ֆատի Հասան կը շարունակէ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան հետ պայմանագրեալ ճարտարապետ:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ նախարարի Քաղաքային թռիչքներու ընդհանուր տնօրէնութեան մէջ կատարած փոփոխութիւնները, մասնաւորաբար «առանց արդարացի եւ յստակ պատճառներու» կարգ մը պաշտօնեաներու պաշտօնազրկումն ու ուրիշներով փոխարինումը, տնօրէնութեան մէջ վէճի ալիք բարձրացուցած է:


