Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմ համատեղութեան կարգով Սուրիոյ մէջ Քանատայի դեսպան նշանակուած է:
«Պիտի մեղմացնենք պատժամիջոցները, սուրիական կարգ մը դրամատուներուն, ներառեալ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան գումարներ ուղարկելը արտօնելու համար», նշեց նախարարութիւնը:
Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ «Սուրիոյ մէջ տագնապին արձագանգելով մարդասիրական օժանդակութիւններու համար 84 միլիոն տոլարի արժէքով նոր ֆինանսաւորում» յայտարարեց:


