Վերստին Ուսուցչաց տօն է, որ առիթ է շեշտելու կրթական մշակին դերն ու կարեւորութիւնը մեր ընկերութեան մէջ: Ուսուցիչը հայ մարդու կերտման մէջ ունի իր իւրայատուկ ներդրումը, եւ որուն հետեւողական աշխատանքներով եւ անսահման նուիրուածութեամբ պայմանաւորուած է հանրակրթական ծրագիրներու յաջողութիւնը:
Ուսուցիչը ծառայութեան խորհրդանիշ է, որովհետեւ իր բոլոր կարելիութիւնները ու կարողականութիւնը ի գործ կը դնէ պատրաստելու մարդը` իր բարոյական, կենցաղային, գաղափարական եւ մասնագիտական յատկանիշներով:
Տակաւի՛ն, հայ ուսուցիչը ունի ազգային արժէքներն ու ժառանգութիւնը պահպանելու եւ փոխանցելու դժուարին պարտականութիւնը` համաշխարհայնացման, օտարութեան եւ ձուլումի բազմատեսակ հոսանքներուն դէմ յանդիման: Հայ ուսուցիչը հայոց լեզուի ժառանգորդն է, հայրենասիրութեան ոգին փոխանցողն է, ազգային նկարագիրի ուղենիշն է եւ հայ մարդու տիպարն է, որուն օրինակին հետեւելով եւ որուն խօսքերով կ՛առաջնորդուին սերունդներ:
Այստեղ յատուկ ուշադրութեան արժանի են ազգային ու հոգեւոր դաստիարակները` Հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, կրօնի եւ նմանօրինակ դասանիւթերու ուսուցիչները, որոնց գործը առաւել եւս արգելքներով շրջապատուած է, եւ որոնց նպատակներուն իրականացումը առաւել եւս դժուար է սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ:
Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները անգամ մը եւս կը շեշտեն իրենց զօրակցութիւնը ընդհանրապէս հայ վարժարանին եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչներուն, որոնք այսօրուան տագնապալի օրերու իրենց կարելին ի գործ կը դնեն` իրագործելու կրթական-դաստիարակչական առաջադրանքները եւ պատրաստելու վաղուան հայ մարդը:
Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարուան առիթով, այս տարի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները ուսուցիչներուն պիտի նուիրեն խորհրդանշական խաչքարեր` շեշտելով աւանդութիւններու վերադարձին կարեւորութիւնը եւ ամրապնդելով հայ ուսուցիչներուն դերը աւանդութիւններու տարածման, զարգացման, արդիականացման ու պահպանման գործընթացին մէջ:
Տէր կանգնինք մեր ուսուցիչներուն` աւանդութիւններու պահապաններուն:
Վարձքերնիդ կատար: Այս տարի եւս բոլորս շնորհակալ ենք, որ համոզմունքով, հաւատքով ու նուիրումով կը կատարէք ձեր առաքելութիւնը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ