Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցչաց Տօնէն Ետք. Վարձքը Անկատար Պէտք Չէ Ձգել

Մարտ 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Այս տարի ալ ծնողներն ու աշակերտները իրենց պարտականութիւնները կատարեցին` Ուսուցչաց տօնը նշեցին, նուիրեցին, շնորհաւորեցին, բարեմաղթութիւններ կատարեցին եւ ճշդուած պահուն ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պարգեւեցին:

Տօնակատարութեան հասկացողութեան նեղ սահմաններուն մէջ Ուսուցչաց տօնը այս տարի ալ ընդհանրապէս աւարտեցաւ, եւ ուսուցիչները վերադարձան անբնական պայմաններու մէջ իրենց բնականոն աշխատանքներուն:

Ինչո՞ւ անբնական: «Քորոնա» ժահրի, երկրաշարժի, ցոյցերու եւ քաղաքական անկայուն պայմաններու իբրեւ հետեւանք անցնող տարիներուն դպրոցներուն դռները փակուելուն եւ, այսպէս կոչուած, առցանց դասերուն հետեւանքները մեզմէ շատեր մոռցած են, բայց ուսուցիչները մինչեւ այսօր կը կրեն, կը փորձեն շրջանցել, ճիգ կը թափեն գործուած աւերին հետքերը շրջանցելու:

Տակաւին, ինչո՞ւ անբնական. որովհետեւ ուսուցիչը առաւելագոյն զոհողութեամբ նուազագոյն գնահատանքին կ՛արժանանայ, որովհետեւ ուսուցիչը մասնագիտութիւններու մայրն է, բայց իր առաքելութեան բազմատեսակ դժուարութիւններու կողքին, ունի նիւթական տագնապ, ծախսերուն հասնելու դժուարութիւններ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուսուցիչը այսօրուան պայմաններուն մէջ նիւթապէս ամէնէն քիչ գնահատուած ասպարէզներէն է, եթէ ոչ` ամենանուազը:

Եւ դեռ, դպրոցէ դպրոց մրցավազք մը սկսած է, թէ ո՛վ աւելի կը վճարէ: Մէկը կը հպարտանայ շուկայական տոլարի 60 տոկոսով, միւսը 40-ով, ուրիշ մը նուէր-պարգեւավճարով, տակաւին` օտար վարժարանի մը հարիւր առ հարիւր «ֆրէշ»-ով… Եւ այսպէս, կամայ-ակամայ խնդրոյ առարկայ է նոյնինքն ուսուցիչը, որ իր տագնապներուն մէջ երբեմն կը փորձէ տանիքէ տանիք ցատկել, որպէսզի կարենայ իր ընտանեկան պարտաւորութիւններուն` ծախսերուն հասնիլ:

Տակաւի՛ն, պէտք է ընդունիլ, որ անարգանք է ուսուցիչի նիւթական նուէր-օժանդակութիւն տրամադրելը ու առաւել եւս այդ արարքին մասին քարոզչական յայտարարութիւն կատարելը. երեւոյթ մը, որուն արդէն, ցաւ ի սիրտ, վարժուած է ուսուցիչներուն մեծ մասը եւ ակնկալութիւններ ալ սկսած է ունենալ: Անարգանք է այս «պազարներուն» մէջ ուսուցիչները ներառելը: Ուսուցիչը ոչ մէկ ատեն ուզած է հարստանալ, բայց դիմացն ալ իր արդար իրաւունքն է, որ ապրի ընդունելի կեանք` ունենալով մարդկային նուազագոյն պայմանները ապահովելու կարելիութիւնները:

Այս բոլորին դիմաց, Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնն ու մեր համայնքի պատասխանատուները լաւապէս պէտք է գիտակցին, որ մարդուժի պատրաստութեան գրաւականը ստանձնած անհատները, իրենց առաքելութեան հաւատարիմ մնալով հանդերձ, ունին անհատական-ընտանեկան պարտաւորութիւններ եւ արժանավայել կեանք ապրելու նուազագոյն իրաւունք, եւ այս շրջագիծին մէջ արժանի են առաւելագոյն նիւթական-բարոյական վարձատրութեան` առանց նուաստացումի ու արժեզրկումի:

Եթէ կ՛ուզենք, որ մեր դպրոցները պահուին, ապա պարտաւոր ենք պահել մեր ուսուցիչները, ի մասնաւորի հայ ուսուցիչները, այլապէս` վտանգած կ՛ըլլանք մեր բոլոր վարժարաններուն գոյութիւնը նոր սերունդը…

Հարցը հոն է, որ մեր ուսուցիչները եւ մեր դպրոցները մեր համայնական կեանքին մէջ պէտք է ըլլան առաջնահերթութիւն: Երբ այս համոզմունքը ըլլայ համատարած, ա՛յն ատեն դիւրութեամբ կը յաղթահարուին տնտեսական դժուարութիւնները եւ «անընդունելի» պատճառաբանութիւնները:

«Վարձքդ կատար» ըսելը բաւարար չէ, վարձքը անկատար պէտք չէ ձգել…

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեանին Կինը Կը Խօսի Իր Ամուսինին Առողջական Վիճակին Եւ Անոր Հետ Կապ Հաստատելու Դժուարութեան Մասին

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Տէր Կանգնինք Աւանդութիւններու Պահապաններուն

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?