Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտ-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբը Դատապարտած Է Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Ապօրինի Բանտարկութիւնն Ու Անոնց Հանդէպ Վերաբերմունքը

Մարտ 11, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ միջազգային քայլերու ձեռնարկելու Պաքուի մէջ ապօրինի եւ շինծու մեղադրանքներով անազատութեան մէջ պահուող հայերը ազատելու համար` զգուշացնելով, որ անգործութիւնը պիտի խրախուսէ հետագայ բռնաճնշումները:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբին որդեգրած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ բոլոր հայ գերիներուն անվերապահ ազատ արձակումը ապահովելու համար անհրաժեշտ է անյապաղ եւ վճռական քայլեր կատարել:

«Մենք` Շուէտի Ռիքստակի (խորհրդարանի) մէջ Շուէտ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ներքոստորագրեալ անդամներս, վճռականօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ եւ համակարգուած խախտումները: Հայ բանտարկեալներու, ներառեալ քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքային անձերու նկատմամբ ապօրինի բանտարկութիւնը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական խոշտանգումները եւ քաղաքական հետապնդումները կը ներկայացնեն ոչ միայն մարդասիրական ճգնաժամ, այլ նաեւ միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտում: Անհիմն մեղադրանքներով անձերու կամայական կալանաւորումը, որ կ՛օգտագործուի իբրեւ քաղաքական ճնշումներու գործիք, ուղղակի յարձակում է մարդու հիմնարար իրաւունքներու վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր կ՛աւելցուի, որ հայ խաղաղ բնակիչներու եւ գերիներու շարունակուող բանտարկութիւնը Ժընեւի ուխտի եւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի բացայայտ խախտում է:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ նման կոպիտ խախտումներու դէմ միջազգային ընտանիքի անգործութիւնը հաւասարազօր է մեղսակցութեան` մենատիրութեան ծաղկման եւ ճգնաժամի խորացման:

«Ասիկա միայն դիւանագիտութեան խնդիր չէ, ատիկա բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն է: Միջազգային ընտանիքը չի կրնար ձեռքերը ծալած նստիլ, քանի տակաւին նման դաժան անարդարութիւնները կը շարունակուին: Այս գործողութիւնները ոչ միայն յարձակում են մարդու արժանապատուութեան վրայ, այլ նաեւ ուղղակի մարտահրաւէր են այն սկզբունքներուն, որոնք կը պաշտպանեն համաշխարհային կայունութիւնը, արդարութիւնը եւ հիմնարար իրաւունքները», նշուած է բարեկամական խումբի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ շեշտուած է, որ աշխարհը կը հետեւի, եւ այս ճգնաժամի արձագանգը պիտի սահմանէ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Եթէ Մեր Նեղ Տեսանկիւնին Գերիները Մնանք, Մեր Դիմաց Բացուած Առիթներէն Շատերը Պիտի Կորսնցնենք»

Յաջորդը

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները Հանդիպում Ունեցան Արցախի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?