Ա. Սէ. Միլանի, Ռէալ Մատրիտի, Ռոմայի, Եուվենթուսի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ազգային խումբերու նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ յայտնեց, թէ Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Խոսեփ «Փեփ» Կուարտիոլա ֆութպոլը ձանձրալի դարձուց:
«Ան ֆութպոլին հսկայական վնաս հասցուց, թէեւ ատիկա իր մեղքը չէր… Թէ ինչո՞ւ, որովհետեւ բոլոր մարզիչները 10 տարի ծախսեցին զայն կրկնօրինակելու համար: Իտալական ֆութպոլը ատով կործանեցաւ ու իր բնոյթը կորսնցուց: Այդ ժամանակ ըսի` կը բաւէ՛, դուք չունիք այդպիսի ֆութպոլիստներ, զորս ունի Կուարտիոլան: Բացի ատկէ, անհեթեթ միտք կը պարտադրուէր, որ լաւ խաղը միայն այսպէս կրնար ըլլալ: Գնդակը փոխանցել ու փոխանցելու… Հիմա իտալացի բերդապահները գնդակով շատ կը խաղան: Աղէտալի է այդ, եւ բացի ատկէ, ձանձրոյթ, շատեր ֆութպոլ դիտելէն հեռացած են եւ այժմ կը դիտեն մրցումին կարեւոր տեսարանները կամ բաժինները: Ինչու դիտել 90 վայրկեան փոխանցումներ եւ կողմնակի փոխանցումներ, առանց որեւէ պայքարի կամ վազքի: Բարեբախտաբար ֆութպոլը կը փոխուի: Նախ եւ առաջ ֆութպոլը փոխեց Սպանիան` երկու ծայրի յառաջապահներով ու արագ խաղով, յաղթելով Եւրոպայի ախոյեանութիւնը», ըսաւ Քափելլօ` «Էլ Մունտօ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: