Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Թանտըր Յաղթեց Նակեթցին` 127-103 Արդիւնքով

Մարտ 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր երէկ առաւօտ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Տենվըր Նակեթցի վրայ` 127-103 արդիւնքով:

Շէյ Կիլճիըս Ալեքզանտր 40 կէտ ձեռք ձգեց 8 ռիպաունտի կողքին, մինչ Ճէյլըն Ուիլիամս 26 կէտ նշանակեց 9 ռիպաունտի կողքին, Թանտըրի հաշուոյն:

Նիքոլա Եոքիչ 24 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ եթէ 1 էսիսթ եւս ձեռք ձգէր, թրիփըլ տապըլ մը եւս արձանագրած կ՛ըլլար:

Մայքըլ Փորթըր 24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Տենվըրի, որ 23-րդ պարտութիւնը կրեց: Թանտըրի 53-րդ յաղթանակն էր այս 64 մրցումներու ընթացքին:

Միայն Քլիվլենտ Քեվելիրզ աւելի յաղթանակ արձանագրած է (54 յաղթանակ), Քան Թանտըր:

Քլիվլենտի վերջին մրցակիցն էր Միլուոքի Պաքս, որուն աստղը` Եաննիս Անթեթոքումփօ, 30 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Քլիվլենտի ուժը 1 մարզիկի հետ կապուած չէ, այլ 5 մարզիկներ 11-է աւելի կէտեր նշանակեցին, եւ 3 պահեստի մարզիկներ` 9-ական կէտեր:

Մաքս Սթրաս 17 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տոնավըն Միչել (15 կէտ), Էվըն Մոպլի (13 կէտ), Տարիըս Կարլենտ 13 կէտ եւ Ճերըթ Էլըն (11 կէտ) իրենց լաւագոյնը կատարեցին: Պահեստի մարզիկներ Թայ Ճերոմ, Սեմ Մերիլ եւ Տին Ուէյտ 9-ական կէտեր նշանակեցին:

Միլուոքիէն Տեմիըն Լիլըրտ 22 կէտ նշանակեց, բայց միայն 1 յաջող 3 կէտնոց կողով նշանակեց 7 փորձերէն:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ պէտք ունեցաւ պազըր պեթըրի` յաղթելու Սաքրամենթօ Քինկզին` 111-110 արդիւնքով:

Մրցումը սկզբունքով աւարտած էր 97 հաւասարութեամբ, Ճէյմս Հարտընի վերջին կողովէն ետք:

Երկարաձգման, երբ արդիւնքը 109-110 էր ի նպաստ Սաքրամենթոյի, Քուայ Լենըրտ գնդակը ստանալէ ետք 21,6 երկվայրկեան մնացած յառաջացաւ եւ ժամանակ շահելով հանդարտօրէն մրցակիցներ խաբեց` «Հուք» հարուածով մը նշանակելով պազըր պեթըրը եւ յաղթանակը նուիրելով Քլիվըրզի, որ արձանագրեց յաջորդական 3-րդ յաղթանակը:

Հարտըն 29 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որուն սենթըր Իվիցա Զուպաց 22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Լենըրտ 77 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լոս Անճելըսի կազմին:

Սաքրամենթոյի լաւագոյն մարզիկներն էին Տըմար Տըրոզըն (31 կէտ եւ 10 էսիսթ) եւ Զաք Լըվին (30 կէտ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 112-119
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 111-110
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 100-112
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 141-124
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Եութա Ճեզ 126-122
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 104-107
Տալաս Մեւրիքս – Ֆինիքս Սանզ 116-125
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տենվըր Նակեթց 127-103

Նախորդը

Քափելլօ. «Կուարտիոլան Ֆութպոլը Ձանձրալի Դարձուց…»

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?