Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սօս Սարգսեան»-ի Անուան Համազգային Պետական Թատրոն. Օ. Հենրիի «… Եւ Նորից Գարուն» Եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի Մէջ» Ներկայացումները Լիբանանի Մէջ

Մարտ 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի ներկայացնէ երկու թատերախաղեր Լիբանանի մէջ` Օ. Հենրիի «…Եւ նորից գարուն»-ը եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ»-ը:

Օ. Հենրիի «…Եւ նորից գարուն» թատերախաղ

«…Եւ նորից գարուն» թատերախաղը հիմնուած է աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի հինգ վէպերուն վրայ, որոնք իրարու կը յաջորդեն տարուան եղանակներուն նման` գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ եւ նորէն գարուն:

Անոնք սիրոյ, անձնազոհութեան, նուիրումի պատմութիւններ են, որոնք գրուած են սրամտութեամբ եւ հանճարեղօրէն պարզ ոճով: Հերոսները սխրանքներ կը գործեն, կը սիրեն, կը ներեն, կ՛երազեն` չնկատելով, որ անոնց շարժառիթը բնութեան օրէնքներն են :

Թատերախաղի բեմադրիչը Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանն է: Անոր կարծիքով, այս բեմադրութիւնը կրկին ապրելու եւ յոյսով լեցուելու ուժ կու տայ:

«Մարդը ափի մէջ». Պարոյր Սեւակի կիրքն ու ոգին

Համազգային թատրոնի ներկայացումը` «Մարդը ափի մէջ», նուիրուած է հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն` Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին: Այս ներկայացումը ոչ միայն յարգանքի տուրք է Սեւակի ժառանգութեան, այլեւ փորձ է զայն ներկայացնելու ժամանակակից եւ նոր լոյսի ներքեւ:

Ներկայացման ընթացքին բեմին վրայ կը յայտնուին «չորս սեւակներ» եւ անոր մուսան` կարմիր զգեստով կին մը, որոնց միջոցով բանաստեղծին խառնաշփոթ միտքերն ու հակասական ապրումները կենդանի կը դառնան բեմին վրայ: Դերասանները` Նարեկ Բաղդասարեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան, Վահագն Սամուէլեան եւ Միլենա Ղազարեան, կը մարմնաւորեն Սեւակի տարբեր երեսները` ցոյց տալով զայն որպէս բռնկուն եւ սիրահարուած, խենթ ու համարձակ, երաժշտական ու ժամանակի շունչը զգացող, համամարդկային եւ մեզմէ մէկը դարձած:

«Մարդը ափի մէջ»-ը հանդիսատեսին կարելիութիւն կու տայ ոչ միայն լսել Սեւակը, այլ նաեւ զգալ զայն, ապրիլ անոր հետ:

Բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան յայտնեց, որ այս ծրագիրը իրեն համար դարձած է կարեւոր նոր էջ մը, յատկապէս` արցախեան վերջին դէպքերէն ետք, երբ ստեղծագործելու ցանկութիւնը մարած էր: Սակայն Սեւակը կարծես նորէն ուժ տուած է անոր:

Ներկայացումին ստեղծման գաղափարը եկած է Պարոյր Սեւակի թոռ, բանաստեղծի տուն-թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ Սեւակ Ղազարեանէն: Ներկայացումին բնագիրին վրայ աշխատած է Տաթեւ Ղազարեան: Ներկայացումը շատ արագ ստեղծուած է, մօտ 15 օրուան ընթացքին` օր եւ ցերեկ աշխատելով, բայց` առանց պատկերացում ունենալու, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ վերջնական արդիւնքը: Սակայն Համազգային թատրոնը համոզուած էր, որ պէտք էր անպայման անդրադառնալ Սեւակի 100-ամեակին:

Սեւակի գործերը բեմին վրայ կը հնչեն ոչ թէ որպէս դասական ասմունք, այլ` որպէս զրոյց, վէճ, սէր, կրքոտ խօսակցութիւն: Թատրոնը հրաժարած է աւանդական մենախօսական ձեւաչափէն, փոխարէնը` Սեւակի տողերը դարձուցած են կենդանի երկխօսութիւններ:

Լիբանանահայութեան համար այս թատրոններուն ներկայ գտնուիլը առիթ է` առօրեայ հեւքէն դուրս գալով հաղորդուելու թատերական իւրայատուկ եւ խորհուրդ փոխանցող իրադարձութիւններու հետ, որոնք առիթ կու տան յաւելեալ մտորումներու ու ապրումներու:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպած ելոյթները կը սկսին չորեքշաբթի, 12 մարտին` «…Եւ նորից գարուն», նոյն ելոյթը` ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ գործակցաբար, հինգշաբթի, 13 մարտին, Քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան հետ գործակցաբար «Մարդը ափի մէջ»-ը կը ներկայացուի ուրբաթ, 14 մարտին, նոյն թատերախաղը «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ բեմ կը բարձրանայ նաեւ շաբաթ, 15 մարտին: Բոլոր ելոյթները տեղի կ՛ունենան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ժամը 8:00-ին:

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ. Ուսուցչաց Տօնին Նշումը Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Յաջորդը

Քափելլօ. «Կուարտիոլան Ֆութպոլը Ձանձրալի Դարձուց…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?