Սլովաքիոյ ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանին, Սլովան Պրաթիսլաւա Քոզիցէի դէմ 3-2 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ:
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց երկու կոլ, երկուքն ալ փենալթիներով: Նախ` 44-րդ վայրկեանին, Բարսեղեան փենալթիով հաւասարեցուցած էր արդիւնքը (1-1), ապա 51-րդ վայրկեանին ան նշանակած էր Սլովանի 3-րդ կոլը: Ան 90-րդ վայրկեանին փոխարինուած է:
Սլովան 52 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, 6 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Զիլինայի վրայ (2-րդ), մինչ Քոզիցէ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 29 կէտերով:


