Մոլտովայի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումին, Շերիֆ Թիրասփոլ հիւրընկալեց Սփարթա Սելեմեթ ակումբը եւ 3-0 արդիւնքով յաղթեց անոր:
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Սերոբեան 55-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ էսիսթ մը իրագործեց:
Մոլտովայի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները կը բաղկանան երեք շաբաթներէ` 6 մրցակիցներու մասնակցութեամբ: Առաջին հանգրուանէն ետք Շերիֆ 3 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:


