Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող 23 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ հասան աւարտական:
61 քկ կշիռի մրցումներուն Լեւիկ Միքայէլեան եւ 92 քկ կշիռի Կնեազ Իփոյեան հասան աւարտական:
Միքայէլեան նաեւ գերմանացի, ապա իտալացի ըմբիշներու յաղթելէ ետք հասած էր կիսաւարտական, ուր յաղթեց ուքրանացի ըմբիշին 11-1 արդիւնքով:
Իփոյեան պիելոռուս մրցակիցին յաղթելէ ետք 10-0 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը արձանագրած էր կիսաւարտականին` ուքրանացի մրցակիցին դէմ:
Խաչատուր Խաչատրեան 125 քկ կշիռի մրցումներուն վրացի ըմբիշին յաղթելէ ետք քառորդ աւարտականին կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրած էր ուքրանացի ըմբիշէն եւ պիտի մրցի պրոնզէ մետալին համար:
65 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Հայկ Աբրահամեան պրոնզէ մետալի իր մրցումին պարտութիւն կրած է իր ֆրանսացի մրցակիցէն:


