Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիին Էջը. Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

Մարտ 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչո՞Ւ Պէտք Է Նշել Ուսուցիչներուն Տօնը

Ուսուցիչները կեանքի մեր կարեւորագոյն առաջնորդերն են, եւ անոնց աշխատանքը գնահատելը  պատշաճ է: Ուսուցիչները կը պատրաստեն ապագայ սերունդներ, ուստի անոնց նուիրուած օր մը ունենալը արդարացի եւ անհրաժեշտ է:

Ուսուցիչներու  տօնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ առիթ մըն է յատուկ կերպով յարգելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց նուիրումին, համբերութեան ու ջանքին համար:

Այսպիսով, ուսուցչներու օրը կը հանդիսանայ յիշեցում մը, որ կրթութիւնը եւ գիտելիքը մարդկային յառաջդիմութեան անկիւնաքարերն են, եւ նպատակներու իրականացման մէջ ուսուցիչներու դերը սուրբ ու անփոխարինելի է:

Վերջապէս, ուսուցիչը միայն գիտելիք չի փոխանցեր, այլ  նաեւ կեանքի դասեր կու տայ: Անոնք մեր հոգիին մէջ սերմ կը ցանեն, որ ժամանակի ընթացքին կը ծլի ու կը վերածուի պտղաբեր ծառի մը: Մեր պարտքն է գնահատել, սիրել եւ յարգել ուսուցիչները, որոնք կը կերտեն մեր ապագան:

Այսպիսով, սիրելի՛ ուսուցիչներ, շնորհակալ ենք ձեր ծառայութեան, ձեր սիրոյն, ձեր համբերութեան ու ձեր անձնուիրութեան համար:

Շնորհաւոր ձեր տօնը, ով հայ ուսուցիչ:

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

Ուսուցիչը` Մեր Երկրորդ Ծնողքը

Կեանքի դժուարին օրերուն ու ալեկոծ պայմաններուն մէջ անհնար է անտեսել ուսուցիչի մը դերը` անցեալի, ներկայի եւ գալիք սերունդներուն նկատմամբ: Սկսելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ կատարեց հայ գիրերու գիւտը` դառնալով հայ ժողովուրդի առաջին ուսուցիչը:

Պատանիի մը կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը հարկ է սկսիլ ծնողքէն, սակայն դաստիարակութեան հիմքն ու պատանիին ինքնութիւնը կը կերտուին դպրոցներուն մէջ` ուսուցիչներուն ամբողջական զոհաբերութեամբ ու աշակերտութեան հրամցնելով հայեցի դաստիարակութիւն ու անսահման սէր:

Ոսուցիչը կը հանդիսանայ երկրորդ ծնողք, իր ամբողջ կեանքի դժուարութիւնները մէկդի դնելով` ան ժպտադէմ կ՛առաջնորդէ աշակերտութիւնը դէպի փայլուն ապագայ:

Դպրոցը քարէ կերտուած շէնք չէ, այլ դարէ դար հանդիսացած է սերունդներու ապաստան, որ ուսուցիչ-աշակերտ միասնաբար համախմբած է իր հովանիին տակ:

Երբե՛ք կարելի չէ հատուցել ուսուցիչին հանդէպ մեր պարտքերը, որովհետեւ իրենց զոհողութիւնն ու գուրգուրանքը անգին է: Պէտք է արժեւորել այս տքնաջան ճիգերն ու աշխատանքները` հասնելով բարձր դիրքերու ու պատուելով անոնց նուիրած ամէն մէկ վայրկեանը, որովհետեւ անոնք իրենց անձնական հաճոյքներէն զրկուելով տրամադրեցին այդ թանկարժէք ժամերը` դաստիարակելու տիպար սերունդ:

Կը խոնարհինք մեր ուսուցիչներուն առջեւ` մաղթելով բոլորին յարատեւ վերելք:

 ՍԱՐԻՆ ՊԷՔԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Յարգա՛նք Ուսուցիչներուն

Ուսուցիչներու տօնը կարեւորագոյն տօներէն մէկն է, եթէ ոչ`  ամենակարեւորը: Այդ օրը կը գնահատենք մեր ուսուցիչներուն աւանդը կրթութեան մէջ: Ուսուցիչներ միայն դաս չեն սորվեցներ: Անոնք դաստիարակներ են, վաղուան մարդը կը պատրաստեն, երկրորդ ծնողք են:

Ուսուցիչները մեր կեանքի օրինակներն են, որոնց դիտելով, հետեւելով ու մտիկ ընելով` կը փորձենք նմանիլ, կը փորձենք արժէքներ իւրացնել, կը փորձենք ուղիին հետեւիլ, որպէսզի ըլլանք սրտով մաքուր, զարգացած եւ ազգային շունչով առաջնորդուող պարկեշտ եւ օրինակելի մարդեր:

Անոնք ինքնավստահութեան աղբիւր են, ապագայի առաջնորդներ պատրաստողներն են, կեանքի արժէքներ փոխանցողներն են, նոր գաղափարներ բացայայտողներն են, այսինքն մարդ ու հայ պատրաստողներն են:

Մենք` իբրեւ դաշնակցական պատանիներ, մի՛շտ պէտք է յիշենք ու յարգենք ուսուցիչներուն դերը, եւ այս տօնը լաւագոյն առիթն է ներկայացնելու ուսուցիչներու նուիրուածութիւնն ու կարեւորութիւնը:

ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Խոնարհ Հերոսներ

Ամէն տարի մենք կը տօնենք Ուսուցիչներու օրը` երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար այն անձերուն, որոնք մեզի կ՛օգնեն լաւագոյն ձեւով զարգանալու:

Ուսուցիչը միայն դաս սորվեցնող անձ մը չէ, այլ ան մեր երկրորդ ծնողն ու դաստիարակն է: Ան մեզի կը բացատրէ, թէ իրական յաջողութիւնը ո՛չ միայն դաս սորվիլն է, այլ նաեւ` տիպար մարդ ըլլալը:

Հայ ուսուցիչները մեզի կը փոխանցեն բարոյական ու մշակութային հսկայ ժառանգութիւն մը` հայ ժողովուրդին հարուստ պատմութիւնը, լեզուն ու ազգային գաղափարները:

Դաշնակցական պատանիներու միութենական կեանքին մէջ նաեւ մեծ դեր ունին հայ ուսուցիչները, որոնց օգնութեամբ է, որ մենք ոչ միայն գիտելիքներ կը ստանանք, այլ նաեւ խոր մտածելակերպ կը ձեւաւորենք հայկական արժէքներու, պատմութեան եւ պահանջատիրութեան մասին: Մենք շատ բան կը պարտինք մեր հայ ուսուցիչներուն,  որոնք իրենց հայրենասիրութեամբ եւ նուիրումով մեզ կը դարձնեն տիպար, ազգանուէր հայ պատանիներ եւ ապագայի ղեկավարներ:

Իմ եւ պատանի ընկերներուս անունով`  շնորհակալութիւն ձեզի, խոնարհ հերոսներ, վարձքերնիդ կատար:

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» Պ.Մ

Շնորհաւոր Ուսուցչաց Տօն

Մենք կը նշենք բազմաթիւ գեղեցիկ առիթներ ու զանազան տօներ, որոնցմէ մէկն է Ուսուցչաց տօնը: Այս տօնով կու գանք  շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք կ՛աշխատին յոյսով եւ համբերութեամբ` մեզի փոխանցելով ուսման լոյսը:

Անոնք մեզի կը սորվեցնեն անհրաժեշտ գիտելիքներ, մեր մէջ կը զարգացնեն հմտութիւններ եւ մեզի կը փոխանցեն արժէքներ, որոնցմով կը գեղեցկանայ մեր կեանքը, ինչպէս Խաչատուր Աբովեան կ՛ըսէ. «Մարդու մեծագոյն զարդը իր խելքն է ու գիտութիւնը»:

Մեր յաճախած վարժարանը մեր երկրորդ տունն է, հետեւաբար մեր ուսուցիչները` մեր երկրորդ ծնողները: Անոնք մեզ կը խնամեն մեր ծնողներուն պէս, կը խրատեն եւ կ՛առաջնորդեն դէպի լաւն ու ճիշդը` դառնալու պատասխանատու եւ ինքնավստահ անհատներ:

Միշտ երախտապարտ ենք մեր ուսուցիչներուն, որոնք մեզ կը ծանօթացնեն` հայ մշակոյթին, աւանդութիւններուն, մեր դարաւոր պատմութեան, եւ կը մղեն, որ պայքարինք ու պահպանենք մեր ազգային արժէքները:

Շնորհաւո՛ր ձեր տօնը, սիրելի՛ ուսուցիչներ: Կը մաղթեմ ձեզի առողջութիւն, յաջողութիւն եւ խաղաղ օրեր:

ԱՐՏԱԿ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Ուսուցիչը ա՛յն անձն է, որ մեզ կը յանդիմանէ, երբ չարաճճիութիւն ընենք, կը զայրանայ, երբ մեր պարտականութիւնները կատարած չըլլանք, կամ երբ դասարանը մտիկ չընենք: Գուցէ այս բոլորը մեզ կը ջղայնացնեն, շատ յաճախ նոյնիսկ քաջալերուած չենք զգար դպրոց երթալու…

Սակայն իրականութեան մէջ ուսուցիչը ա՛յն անձն է, որ անկախ ամէն ինչէ, մեր լաւութիւնը կ՛ուզէ, որ`  պատրաստ է ամէն զոհողութիւն ընելու` տեսնելու մեր վիճակի բարելաւումն ու յաջողութիւնը: Այն անձն է, որ ամէն օր կը ձգտի օգտակար հետք մը ձգելու մեր մէջ:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ, դուք էք, որ սերունդ կը պատրաստէք ապագայի համար: Դո՛ւք էք, որ աշակերտները կը ներշնչէք ձեր տիպար կէցուածքով, տարած աշխատանքով, վստահութիւն տալով եւ օրինակ հանդիսանալով իւրաքանչիւր աշակերտի համար:

Հետեւաբար ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթենք ամենայն առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ծով համբերութիւն:

Շնորհաւոր Ուսուցչաց տօն:

ԼԻԼԻԹ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Հպարտ Ենք Մեր Ուսուցիչներով

Ամէն տարի մարտ 9-ին կը նշուի Ուսուցչաց միջազգային տօնը, եւ այս առիթով բոլոր վարժարաններէն ներս կը կատարուին գեղարուեստական յայտագիրներ` շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց:

Ուսուցիչները տարիներու ընթացքին աշխատանք կը տանին, որպէսզի մենք ստանանք լաւ ուսում եւ ունենանք փայլուն ապագայ:

Մօտիկ անցեալին, «Քորոնա» ժահրի ամէնէն դժուար օրերուն իսկ մեր ուսուցիչները չհրաժարեցան իրենց աշխատանքներէն եւ համակարգչակային գործիքներու օգնութեամբ կրցան շարունակել դասաւանդել, որովհետեւ կը հաւատան կրթութեան կարեւորութեան եւ մարդու պատրաստութեան անփոխարինելի աշխատանքին:

Իբրեւ պատանիներ ու աշակերտներ, յաճախելով հայկական վարժարաններ, հպարտ ենք մեր ուսուցիչներով` իրենց թափած ճիգերուն, նուիրումին ու զոհողութեան համար::

Կեցցե՛ն մեր ուսուցիչները:
Յաւերժ մնայ ձեր տօնը:

ԿԱՐՈՒԺ ԱՐՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Երախտագիտութիւն Յայտնելու
Լաւագոյն Առիթ

Ուսուցիչներու միջազգային տօնը բացառիկ առիթ մըն է շնորհակալութիւն եւ երախտապարտութիւն յայտնելու մեր բոլոր ուսուցիչներուն` իրենց անմնացորդ եւ անկեղծ նուիրումին, հոգատարութեան եւ սիրոյն համար, որովհետեւ իրենց առաքելութեամբ է, որ կը կրթեն նոր սերունդները:

Այս գեղեցիկ օրուան առիթով կը մաղթենք մեր դասատուներուն եւ դաստիարակներուն` առողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն` իրենց շնորհակալ գործին համար:

Թող անոնց ջանքերը միշտ արժեւորուին, եւ թող սրտանց տրուած իրենց կրթութիւնը դառնայ մեր փայլուն ապագայի պայծառ ուղին:

Շնորհաւոր ձեր տօնը, սիրելի՛ ուսուցիչներ:

ԼՈՐԻ ՆԻՔՈԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Արմատները Պահողը, Գիտելիք
Փոխանցողը Եւ Աջակցողը

Ուսուցիչի օրը յատուկ օր մըն է, որուն ընթացքին մենք կը յիշենք ու կը գնահատենք մեր ուսուցիչները: Այս օրը ինծի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ ուսուցիչները պարզապէս գիտելիք չեն տար, այլ նաեւ կ՛օգնեն մեզի`  հասկնալու կեանքը, մեր նպատակները եւ գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւ մարդ դառնալ:

Հայ ուսուցիչները առանձնայատուկ տեղ ունին մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն դպրոցական գիտելիքներ կը սորվեցնեն, այլ նաեւ` հայոց լեզուն, մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս մեր արմատները պէտք չէ մոռնանք եւ սիրենք մեր ժողովուրդը: Հայ ուսուցիչները, յատկապէս`  սփիւռքի մէջ, կ՛օգնեն, որ հայ մնանք եւ մեր լեզուն չմոռնանք:

Ուսուցիչները շատ կարեւոր դեր ունին: Անոնք մեզի նաեւ կը սորվեցնեն նոր գիտելիքներ, բայց նոյն ժամանակ ալ կը քաջալերեն, որ չվախնանք փորձելէ, չվախնանք սխալելէ եւ միշտ յառաջ երթանք: Բազմաթիւ ուսուցիչներ իրենց աշակերտներուն կը նային ծնողքի պէս եւ միշտ պատրաստ են` օգնելու, հասկնալու եւ աջակցելու:

Այս օրը առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք իրենց ժամանակը եւ ուժը կը տրամադրեն մեզ լաւ մարդ դարձնելու համար: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք նուիրուած են իրենց գործին եւ միշտ պատրաստ են օգնելու:

Շնորհաւոր Ուսուցչի օր` բոլոր ուսուցիչներուն:

ՅՈՎԻԿ ՉԵՐՉԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Ուսուցչաց Տօնը` Հայ Ուսուցիչներու
Դերի Ու Նուիրուածութեան Մեծարում

Ուսուցչաց տօնը առիթն է գնահատելու եւ մեծարելու հայ ուսուցիչներու անփոխարինելի դերը մեր ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան պահպանման աշխատանքին մէջ:

Ուսուցիչները եղած են մեր պատմութեան ամենաբարդ փուլերուն առաջնորդող ուժ` կրթելով նոր սերունդներ, անոնց փոխանցելով հայրենիքի նկատմամբ սէր եւ ազգային գաղափարներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատանիները կը տօնեն այս օրը` ընդգծելով ուսուցիչի դերի կարեւորութիւնը, արտայայտելով իրենց երախտագիտութիւնը եւ վերահաստատելու անոնց նուիրուածութիւնը ուսման ու հայ ժողովուրդի առաջընթացին մէջ:

Դաշնակցական պատանիներուն համար այս օրը ո՛չ միայն երախտագիտութիւն արտայայտելու օր է, այլ ուսուցիչներու զոհողութիւնները գնահատելու առիթ է:

Այս նաեւ առիթ է յիշեցնելու բոլոր պատանիներուն, որ պէտք է ուսուցիչները յարգել, աջակցիլ եւ հետեւիլ իրենց օրինակին, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են գիտելիքին ու հայկական ոգիի ամրապնդման:

ՊԵՐՃ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Թանկարժէք Տօնը

Ինչպէս տարուան ընթացքին տեղի կ՛ունենան տօնակատարութիւններ, եւ ամէն մէկ տօն իր ժամանակին կ՛ուզենք յիշել եւ տօնել, այնպէս ալ թանկարժէք տօն մը կայ, որ ոչ միայն իր օրին յիշելը կարեւոր է, այլեւ տարին 365 օր պէտք է յիշել եւ յիշեցնել:

Այդ տօնը Ուսուցչաց տօնն է, որ կը զուգադիպի ամէն տարի մարտ ամսուան 9-րդ օրուան: Ուսուցիչը իւրաքանչիւր մանուկի համար երկրորդ ծնողքն ու ուղղութիւն տուողն է, ուսուցիչը աշակերտին գուրգուրացողն ու դաստիարակն է, ուսուցիչը աշակերտին կերտիչն է, ուսուցիչը աշակերտին մտահորիզոնը հարստացողն ու ապագային պատրաստողն է:

Տակաւին, առաւել եւս մեծարանքի արժանի է հայ ուսուցիչը, որովհետեւ ան ա՛յն հերոսն է, որ սերունդներ կը պատրաստէ` ազգի բարօրութեան ու զարգացման ի խնդիր:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ի մասնաւորի հայ ուսուցիչներ, ձեր տօնը շնորհաւոր:

ՀՈՒՐԻ ՊՈՍՆՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

Հայրենասիրութեան Աղբիւրը

Երբ կը խօսինք հայ ուսուցիչին մասին, կը նշանակէ`  կը խօսինք բոլոր ասպարէզներէն տարբեր ասպարէզի մը մասին…

Երբ մենք հայկական դպրոցներ կը յաճախենք, ապա կը խօսինք դպրոցի հիմնական սիւներուն` հայ ուսուցիչներուն մասին…

Մենք մեր հայրենիքով կը սկսինք հպարտանալ` նայելով մեր ուսուցիչներուն, հետեւելով անոնց խօսքերուն: Անոնք հայոց լեզուն սիրելի դարձնելու, գիրն ու պատմութիւնը սորվելու, արժէքներուն ծանօթանալու մէջ ունին իրենց կարեւոր բաժինը:

Անոնք մօր նման մեզի խրատ տուողներն են, հայ բանաստեղծութիւնները սորվեցնողներն են, որոնց իւրաքանչիւր բառին իմաստն ու արժէքը կը փոխանցեն, ապրում ու կեանք կու տան:

Դժբախտաբար հայրենիքէ հեռու ենք ու վերջին տարիներուն շատ հողեր ու հերոս տղաք կորսնցուցինք, սակայն ուսուցիչներու փոխանցած ոգին տակաւին կ՛ապրի, պայքարի կամքը դեռ կ՛ապրի, գոյատեւելու շունչը դեռ կ՛առնենք…

Ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր հայ ուսուցիչներուն, որոնք տարիներ շարունակ ջանք ու ճիգ թափած են մեր հայերէնին ու Հայոց պատմութեան համար:

Այո՛, հայ ուսուցիչը աղբիւր մըն է, ուրկէ կը սկսի հայրենասիրութիւնը…

ԺՈՐԺԻՆԱ ԺԵՆԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Կ՛իմաստաւորենք Բեկումնային ԱԲ-ը (AI) Սփիւռքահայ Արժեհամակարգին Մէջ

Յաջորդը

Հինգ Մեկնաբանութիւն

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?