Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը

March 1, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 փետրուար 2025-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ,  սուրբ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ «պատմութիւնը առաքինի քաջերուն, որոնք պատերազմեցան» եւ «պատմութիւնը անոնց, որոնք լքեցին, նահանջեցին, ընկրկեցան, դաւաճանեցին ու հեռացան», Եղիշէ պատմիչի բառերով: Ան ըսաւ, որ յոռետես ըլլալու կարիք չկայ, սակայն պէտք է ըլլալ ճշմարտատես ու ճշմարտախօս, որպէսզի առիթ ունենանք ինքնաճանաչումի ու ինքնասրբագրումի: Քարոզիչ սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ Սրբոց Վարդանանց յիշատակը մեզ կը հրաւիրէ, համաձայն եբրայեցիներու ուղղուած նամակին, հեռանալու վատութենէ ու ստութենէ եւ միանալու հաւատքին շուրջ` հայոց ուխտի միաբանութեան համար: Ուստի, ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը տարանջատուած ու անմիաբան է, եւ այսօր պէտք ունինք Վարդանանց ոգիին ու անոր ներշնչող ներկայութեան` միաւորման ու հաւատքի նորոգման ի խնդիր:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, հայրապետական թափօրին վեհարան բարձրանալէն ետք, դպրեվանքի աշակերտները վարդանաշունչ երգերով ոգեւորուեցան ու ոգեւորեցին ներկաները` Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի խմբավարութեամբ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը եկաւ ամբողջացնելու օրուան խորհուրդը: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց ազգերու կեանքին մէջ խորհրդանիշներու իմաստը` վստահեցնելով, որ անոնք կ՛անդրանցնին ժամանակի սահմանները եւ չեն կորսնցներ իրենց առաքելութիւնն ու պատգամը: Այս իմաստով, մեր ողջ պատմութեան ընթացքին Վարդան Մամիկոնեանն ու Ղեւոնդ Երէցը դարձան անմահներ ու խորհրդանիշներ: Հայրապետը յայտնեց, որ Մամիկոնեանն ու Երէցը իրարմէ անջատել կարելի չէ. անոնք մէ՛կ ամբողջութիւն են եւ մէ՛կ պատգամ կը փոխանցեն մեզի: Կաթողիկոսը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին` իբրեւ Վարդանի ու Ղեւոնդի թոռներու, հաւատարիմ մնալու այն հաւատքին, որ մեզ ամուր պահեց պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց, ցեղասպանութիւններու ընթացքին յոյս տուաւ եւ գոյատեւելու մեր կամքը ամրացուց:

«Այսօր, երբ ամէն տեղ կը նշենք Վարդանանքը, հարց կու տամ` ինչո՞ւ: Անոնք պէտք չունին մեր յիշատակութեան, մեր տօնախմբութեան, երգերուն ու պատգամներուն… Անոնք սրբացած անմահներ են: Մե՛նք է, որ կարիքը ունինք անոնց. մե՛նք պէտք ունինք անոնցմէ եկող ոգիին, հաւատքին, տեսլականին եւ այն բոլոր արժէքներուն ու արժանիքներուն, որոնց հարազատ թարգմանը եղան անոնք եւ պահեցին մեր ժողովուրդը: Այսօր մեր ժողովուրդը կոչուած է նոյն ոգիով, հաւատարմութեամբ եւ կեանքի հզօրութեամբ «Ո՛չ» ըսելու, Հայաստանէն սկսեալ ամէն տեղ, այն բոլոր փորձերուն, որոնք կը փորձեն մեր քրիստոնէական հաւատքը նսեմացնել եւ մեր ազգային ինքնութիւնը գունաթափել: Վարդաններու ու ղեւոնդներու յաջորդները` մենք, բոլորս, կոչուած ենք «Ո՛չ» ըսելու այն բոլոր փորձերուն, որոնք Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը հարցականի տակ կը դնեն», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հրաւիրեց մեր ժողովուրդի զաւակները միասնաբար ու հաւաքաբար վերանորոգելու մեր հաւատքը, ամրացնելու մեր կամքն ու յոյսը եւ վառ պահելու մեր տեսլականը` «վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» ամրապնդման ու անսասանութեան:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրրի Այս Տարեշրջանի Իր Առաւելագոյն Կէտերը Նշանակեց Օրլանտոյի Մէջ

RelatedPosts

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.