Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Թրամփ Վարչակազմը Կը Ջանայ Ռուսիան Չինաստանէն Անջատել Եւ Համաշխարհային Մակարդակի Վրայ Ամերիկեան Իշխանութիւնը Վերականգնել»

February 27, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի նպատակը Ռուսիան Չինաստանէն բաժնելն է ճիշդ այն ձեւով, որ նախկին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընը Չինաստանը բաժնեց Խորհրդային Միութենէն: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Չեմ գիտեր, եթէ ամբողջովին յաջողինք Ռուսիան Չինաստանի հետ իր յարաբերութիւններէն անջատել, ինչպէս նաեւ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ուղղակի տագնապի մը մէջ ըլլալը աշխարհի կայունութեան համար լաւ չէ, որովհետեւ անոնք հիւլէական տէրութիւններ են, սակայն ներկայ կացութիւնը Ռուսիան կը մղէ Չինաստանէն հետզհետէ աւելի կախեալ ըլլալու, եւ ատիկա որեւէ կողմի համար լաւ արդիւնք չէ», ըսաւ Ռուպիօ:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի ձեւաւորեն 21-րդ դարը, եւ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ամերիկայի համար աւելի լաւ է, որ Ռուսիան «Չինաստանին հետեւորդ գործընկեր» մը չըլլայ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ռուսիան արեւմտեան պատժամիջոցներուն պատճառով ամբողջովին Չինաստանէն կախեալ դարձած է, ինչ որ զայն անկարող կը դարձնէ ապագային Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու», յայտնեց Ռուպիօ:

Անդրադառնալով ամերիկեան դիւանագիտութեան` ան շեշտեց. «Անհրաժեշտ է իրապաշտ կերպով վարուիլ մեծ պետութիւններուն հետ եւ տագնապները կառավարել` կանխարգիլելու համար պատերազմներն ու տագնապները»` աւելցնելով. «Դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէկ մասը հաղորդակցելու եւ մեծ տէրութիւններուն հետ խնդիրները լուծելու կարողութիւնն է»:

«Փանամայի ջրանցքի նաւահանգիստներուն վրայ Չինաստանի վերահսկողութիւնը ամերիկեան առեւտուրին սպառնալիք կը ներկայացնէ», նշեց ան` զգուշացնելով. «Փեքին կրնայ տագնապներու ժամանակ խոչընդոտել ջրանցքէն նաւարկումը»:

«Փանաման, Ամերիկայի զօրակցող իր ներկայ ղեկավարութեան տակ, սկսաւ վերատեսութեան ենթարկել նաւահանգիստներուն վերահսկող չինական ընկերութիւններու աշխատանքները», ըսաւ Ռուպիօ` նշելով. «Կարելի է գտնել խախտումներ, որոնք կրնան յանգեցնել այդտեղ Չինաստանի ազդեցութեան վերջ տրուելուն»:

Նախորդը

Քրտական Ինքնավար Մարզը Սուրիոյ Ազգային Երկխօսութեան Խորհրդաժողովի Որոշումներուն Յանձնառու Պիտի Չըլլայ

Յաջորդը

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Համաձայնութիւն` 4 Իսրայէլացիներու Դիակներու Դիմաց Պաղեստինցիներու Առկախուած Ազատ Արձակումի Կատարման Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.