Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Հայրենի Արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի Եւ Աշակերտներու. Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Ծաղկաքաղի Ներկայացում

February 26, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 25 փետրուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» վերնագիրով ասմունքի աշակերտական ցերեկոյթ` մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներու:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնները իրենց յանձնախումբերով ու գեղարուեստի դպրոցներով ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ գիրի, գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման: Ան ըսաւ, որ մայրենի լեզուն ազգի մը գլխաւոր հարստութիւնն է, որով մարդը կ՛արտայայտէ իր ամէնէն հարազատ միտքերը, կարծիքները, ապրումները, բողոքները եւ զգացումները: Եղիայեան աւելցուց, որ լեզուն ծնունդ կու տայ այլազան ստեղծագործութիւններու` գրառումներու, բանաստեղծութիւններու եւ երգերու, եւ լեզուն կը պահպանէ ազգի մը պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը:

Փաուլա Եղիայեան յայտնեց, որ մեր գրագէտներն ու բանաստեղծները ստեղծագործած են հայերէնով եւ պիտի շարունակեն ստեղծագործել, իսկ մեր պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր լեզուին, խօսիլ ու գրել հայերէն, պահպանել ու զարգացնել զայն եւ հպարտանալ այդ լեզուով:

Ապա հայրենի արուեստագէտ դերասան Արման Նաւասարդեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Պետրոս Դուրեանի, Զահրատի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Մուշեղ Իշխանի, Սիամանթոյի եւ այլ բանաստեղծներու փունջ մը ստեղծագործութիւններ` արժանանալով  աշակերտներու գնահատանքին: Իր խօսքին մէջ Նաւասարդեան մեծապէս արժեւորեց բանաստեղծներու գործերը ներկայացնելու իւրայատուկ ձեռնարկը` շեշտելով, որ հայութիւնը կը պահպանուի իր ստեղծագործութիւններով, արմատներով եւ ժառանգութեամբ:

Ապա լիբանանահայ վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի, Զահրատի, Սիամանթոյի եւ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան, որ նշեց, թէ բանաստեղծութիւնը իւրայատուկ ուժ մը ունի, որ կրնայ կարճ միջոցին ազդեցիկ զգացում ու տպաւորութիւն ձգել: Հայր սուրբը կոչ ուղղեց աշակերտներուն բանաստեղծութեան ընթերցումը դարձնելու առօրեայի մէկ բաժինը եւ փորձ կատարելու գրելու բանաստեղծութիւններ, որպէսզի ապագային նոր սերունդը ընթերցէ նոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Աւարտին, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան գնահատեց հայրենի արուեստագէտին ու աշակերտներուն բեմական կատարումները եւ մաղթեց, որ յառաջիկային հայոց լեզուի պահպանման նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ բազմապատկուին:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լիլիթ Տէմիրճեան:

Յայտնենք, որ նշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած վարժարաններն են Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային միացեալ վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարանները:

Ձեռնարկէն ետք աշակերտները ստացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նոր հրատարակած «Զահրատ` 100 բանաստեղծութիւններ» գիրքէն օրինակներ:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Ազգային Երկխօսութեան Խորհրդաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղ Գոյակցութեան Արժէքները Ամրապնդելու

Յաջորդը

Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթէրեան` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.