Այսօր, ժամը 21:00-ին, Ճիւնիի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի հիւրընկալէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը, Ասիոյ բաժակի զտումի մրցումներուն գծով մրցումին:
Իր վերջին մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը 84-78 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Պահրէյնը` արձանագրելով իր յաջորդական 5-րդ յաղթանակը: Երթին, Պէյրութի մէջ 94-63 արդիւնքով յաղթած Լիբանան, որ միջազգային դասաւորման 22-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ Ասիոյ 5-րդ դիրքը, 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Ասիոյ Փաուըր Ռենքինկ դասաւորման մէջ:
Ուաէլ Արաքժի (17 կէտ), Աթեր Մաժոք (18 կէտ), Ամիր Սէուտ (13 կէտ), Ժերար Հատիտեան (11 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (8 կէտ), Ժատ Խալիլ (6 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (5 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (2 կէտ) լաւ մրցում մը ունեցան Մանամայի մէջ եւ այսօր պիտի փորձեն կրկնել յաղթանակը Պէյրութի մէջ: Ալի Հայտար պիտի վերադառնայ, մինչ Քարիմ Զայնուն վիրաւորուելով պիտի բացակայի այսօրուան մրցումէն:
Նշենք, որ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ճետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 5-էն 17 օգոստոսին, մասնակցութեամբ 16 երկիրներու: