Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Փետրուար 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 18:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի հիւրընկալեն անցեալ տարուան փոխախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, ախոյեանութեան 4-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Էն. Էս. Էյ.-ին, Հուփսին եւ Չեմփսին յաղթելէ ետք, պիտի փորձէ անպայման 4-րդ յաղթանակը արձանագրել Պէյրութի դէմ, որ պարտութեամբ սկսաւ այս տարեշրջանը` Ազուրի դէմ (41-54):

ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3 մրցումներէ ետք կը գրաւէ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը, մինչ Պէյրութ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

Պէյրութի օտար մարզիկները` Աքիլա Պեթել եւ Շաքուետիա Ուալաս, բաւական բարձր մակարդակի մարզիկներ են, բայց ՀՄԸՄ-ի օտարներուն դէմ պայքարին անոնց իսկական մակարդակը կը տեսնենք, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ միայն օտար մարզիկներուն չէ վստահած:

Պէյրութ իր կարգին լաւ մարզիկներ ունի, ինչպէս` ՀՄԸՄ-ի նախկին խմբապետ Նաթալի Սվաճեան, Եասմին Լահուտ եւ Մարիամ Ժոմաա, եւ մեր մարզիկներուն կը մնայ ունենալ լաւ ելոյթ մը եւս` արձանագրելու 4-րդ յաղթանակը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները անշուշտ յաւելեալ դրական մթնոլորտ ստեղծելով պիտի քաջալերեն մարզիկներուն, որոնք իրենց առաւելագոյնը պիտի տան յաղթանակի համար:

Տանիէլա Ֆայյատ, Փերլա Պու Նասր, Փաթիլ Ասատուրեան, Կապի Սաատ, Նարինէ Կէօքճեան, Ալին Թապաքեան, Սթեֆանի Հատտատ եւ խումբին կրտսերներ Ալիք Քէշիշեան եւ Անիելա Հաւանճեան պատրաստ պիտի ըլլան մարզիչը որքան ժամանակ ալ տայ իրենց դաշտ իջնելով առաւելագոյնը տալու:

Ստորեւ` 4-րդ շաբթուան յայտագիրը.

Անդրանիկ – Ազուր
Ռիատի – Մթայլեպ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ
Էն. Էս. Էյ. – Հուփս
Պքէննեյա – Չեմփս

 

Նախորդը

Միշել Տէր Զաքարեան Նշանակուեցաւ Քանի Մարզիչ

Յաջորդը

Մասքի Որդիին Պատճառով Թրամփ Փոխած Է Աշխատասեղանը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Օգոստոս 20, 2025
Նոր «Հիւանդութիւն» Մը`  Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ
Մարզական

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Օգոստոս 20, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու  Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?