Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ազգային խումբը, որ կը մասնակցէր արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, դարձաւ ախոյեան, աւարտականին յաղթելէ ետք Սուրիոյ 4-0 արդիւնքով:
Այս իրագործումը արձանագրուեցաւ 10 օր տեւած այս մրցաշարքին, որուն ընթացքին ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Լիբանան, որ իր խմբակին մէջ ունէր Սուրիան եւ Պաղեստինը, յաջորդաբար 2-0 եւ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք հասած էր կիսաւարտական, ուր 3-0 արդիւնքով յաղթեց Պահրէյնի, իսկ աւարտականին` Սուրիոյ: Սուրիա կիսաւարտականին փենալթիներով (7-6) յաղթած էր Յորդանանին:
Լիբանանի ազգային խումբը առանց կոլ իսկ ստանալու արժանացաւ տիտղոսին, որ նախապէս շահած էին 2019-ին եւ 2023-ին, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու պատանիներու բաժակը` 2015-ին:
Այս մրցաշարքի տօնակատարութեան պահուն յիշուեցաւ նաեւ նախկին մարզիկ Սելին Հայտարը, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին Շիյահի ռմբակոծման ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած էր եւ այժմ դարմանումի ընթացքի մէջ է:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր կարգին յատուկ հաղորդագրութեամբ շնորհաւորեց աղջկանց պատանիներու ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Եարա Ժաայթանին (մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկը) եւ Եասմին Հապպալը (մրցաշարքին լաւագոյն կոլ-սքորըրը):