«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար» խաղէն ետք առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ, ուր Լոս Անճելըսի «Քրիփթօ Արենա»-ին մէջ եւ 19 հազար համակիրներու ներկայութեան, Լէյքըրզ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Չարլոթ Հորնեթցէն` 100-97 արդիւնքով: Չարլոթ, որ «Օլ Սթար»-ի դադարէն առաջ իր վերջին 10 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ տարած էր, օգտուեցաւ դադարէն, եւ Լամելօ Պոլ վերադարձաւ խումբին հետ` մեծ դեր կատարելով անոր յաղթանակին մէջ: 23 տարեկան Պոլ իր լաւագոյն տարեշրջանը կը բոլորէ եւ կրցաւ 27 կէտ նշանակել ի նպաստ Չարլոթի` 5 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով: Ան 6 էսիսթ ալ տուաւ իր խմբակիցներուն, որոնցմէ Մայլզ Պրիճզ 29 կէտ աւելցուց: 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին նաեւ Մարք Ուիլիամս (10 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Նիք Սրիթ (12 կէտ) եւ Սեթ Քըրրի (10 կէտ):
Լէյքըրզ, որ մինչեւ կիսախաղ կը յաղթէր եւ 13 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, 3-րդ մասին կորսնցուց մրցումին ղեկը եւ միայն 18 կէտ կրցաւ նշանակել` ստանալով 32 կէտ: Լըպրոն Ճէյմս 26 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 14 կէտ կրցաւ նշանակել միայն, 8 անգամ ձախողելով 3 կէտնոց կողովներ նշանակելու: Ան 11 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց, մինչ Ռուի Հաշիմուրա 17 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ Արեւմտեան շրջանի 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Այսօր կը շարունակեն մրցումները հետեւեալ յայտագիրով.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տենվըր Նակեթց – Չարլոթ Հորնեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆինիքս Սանզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ