Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Չեմփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 47-66

Փետրուար 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը Հազմիէի մէջ հիւրն էր Չեմփսի, ախոյեանութեան 3-րդ շաբթուան մրցումներուն:

Անթիլիասի աղջիկները կրցան յաղթանակ մը եւս արձանագրել` 66-47 արդիւնքով:

Առաջին մասին զգուշ մրցում էր, ուր երկու խումբերն ալ թըրն օվըրներ կատարեցին, բայց ՀՄԸՄ համեմատաբար աւելի լաւ էր եւ 10-14 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին պատկերը գրեթէ նոյնն էր եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 13 կէտ կրցաւ նշանակել մրցակիցի 8-ին դիմաց:

Բ. կիսախաղին եւ մանաւանդ 3-րդ մասին պէտք է ըսել, որ մրցումին մակարդակը բարձրացաւ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր առաւելութիւնը 23 կէտի ալ հասցուց` նոյն պահուն առիթ տալով 4 պահեստի մարզիկներու, որոնք պատրաստ պէտք է ըլլան յաջորդ աւելի դժուար մրցակիցներուն համար:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի լաւագոյն մարզիկները «Իկի» Էլընի (21 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Քենետի Կէյվընի (18 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) կողքին Տանիէլա Ֆայյատը (10 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Փերլա Պու Նասրն էին (7 կէտ), մինչ անշուշտ Կապի Սաատ (5 կէտ), Փաթիլ Ասատուրեան (3 կէտ), Նարինէ Կէօքճեան (2 կէտ) Ալիք Թապաքեան եւ Սթեֆանի Հատտատ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցումին` հանգստացնելով հիմնական մարզիկներն ալ:

Չեմփսի լաւագոյն մարզիկն էր Թինա Սթեֆընզ, որ 8 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր յաջորդ մրցումին պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան փոխախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթը:

Պէյրութ Ֆըրսթ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին անակնկալ պարտութիւն մը կրելէ ետք Ազուր խումբէն (41-54) կրցած էր Մթայլեպի (74-66) եւ Անդրանիկի (77-38) յաղթել, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի առաջին լուրջ մրցակիցը պիտի ըլլայ 4-րդ շաբթուան մրցումներուն:

Մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր ժամը 18:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:

Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան մրցումներուն արդիւնքները.

Հուփս – Պքենեյա 44-83
Պէյրութ Ֆըրսթ – Անդրանիկ 77-38
Ազուր – Մթայլեպ 77-61
Չեմփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 47-66
Էն. Էս. Էյ. – Ռիատի 48-91

Ընդհանուր դասաւորում

ԿԷՏ
1.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս6 + 109 (կէտերու տարբերութիւն)
2.- Ազուր6 + 32
3- Ռիատի5 + 62
4.- Պքենեյա5 + 58
5.- Պէյրութ Ֆըրսթ5 + 34
6.- Չեմփս4 – 15
7.- Մթայլեպ4 – 19
8.- Հուփս4 – 88
9.- Անդրանիկ3 – 56
10.- Էն. Էս. Էյ.3 – 117
Նախորդը

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Պատանի Աղջկանց Ազգային Խումբը` Ախոյեան

Յաջորդը

Քալիպաֆ. «Թեհրան Ամբողջովին Կ՛աջակցի «3+3» Հարթակին»

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?