Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը Հիմնարար Փաստաթուղթ Է Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

Փետրուար 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Մեզ սպասող դժուար աշխատանքին մէջ մեր յաջողութեան առաջին պայմանը միասնականութիւնն է: Կառավարութեան ձգտած կարեւորագոյն նպատակը իբրեւ միախմբուած խումբ աշխատիլն է, եւ նախարարական միասնականութեան սկզբունքը յարգելը»:

Մըթրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Նախարարաց խորհուրդը այն վայրն է, ուր մեր գործընկերութիւնը կը փաստենք, եւ ոչ թէ վայր մը, ուր փոխադարձ քննադատութիւն կը կատարենք»:

«Մենք կառավարութիւն մը չենք, ուր պարտուող ու խախտող կայ, այլ կ՛ուզենք ըլլալ կառավարութիւն մը, որուն մէջ յաղթողը լիբանանցիները կ՛ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը գիտակցինք հին սովորութիւններուն ու նեղ հաւատարմութիւններուն, եւ ժառանգուած տարակարծութիւնները մեր վրայ կ՛ազդեն ու մեզ կը տկարացնեն, սակայն անոնց ազդեցութիւնը նուազեցնելու ջանք գոյութիւն ունի»:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են. (նախագահի) երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ ծրագիրին հիմը պիտի ըլլայ», նշեց փոխվարչապետը:

«Կան նաեւ վարչապետի յայտարարութիւնները, որոնք եւս ամբողջական են: Անոնցմէ մէկ քանին երդման ճառին մէջ նշուածները կը մանրամասնեն եւ մէկ քանին գործնական հարցեր կ՛աւելցնեն: Ուշադիր ենք, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը նշէ երդման ճառին մէջ թուարկուած սկզբունքներուն գործնական գործադրութեան կերպը», յայտնեց ան:

«Բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն իր ժամկէտին իսրայէլեան ուժերու հեռացման անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծենք եւ պիտի քննարկենք լիբանանեան հողերուն վրայ իր գերիշխանութիւնը տարածելու գործնական քայլերու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ հարցին շուրջ փոխըմբռնման պիտի ձգտինք», ըսաւ Մըթրի:

 

Նախորդը

Իր Կուսակցութեան Առաջադրած 4 Նախարարներուն Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Որեւէ Նոր Տուրքի Հաստատումը Պիտի Չընդունինք»

Յաջորդը

Պայրամ. «Դիմադրութիւնը Ներքին Հաւասարակշռութենէն Ջնջելու Ոմանց Փորձերը Ձախողութեան Մատնուեցան»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?