Նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը ներքին հաւասարակշռութենէն ջնջելու ոմանց փորձերը ձախողութեան մատնուեցան, շնորհիւ Դիմադրութեան ղեկավարութեան իմաստութեան եւ ժողովուրդի, բանակին ու Դիմադրութեան զոհողութիւններուն»:
«Այն, ինչ որ չկրցան իրագործել զինուորական գետնի վրայ, ուզեցին քաղաքականութեան ճամբով իրագործել, ուստի զայն ձախողութեան մատնեցինք, երկիրն ու ազգային միասնականութիւնը պահպանեցինք, ազգային կամքին ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ու կառավարութեան կազմութեան նպաստեցինք», նշեց Պայրամ:
«Մեր ձեռքը բոլորին երկարած է ստեղծելու համար ուժեղ ու կարող հայրենիք մը, որովհետեւ կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր տկարներուն չեն յարգեր, ուստի մեր պարտաւորութիւնն է ըլլալ իմաստուն կերպով հզօր եւ յարգել ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի ղեկավարութիւնը», ըսաւ ան:
Ան կոչ ուղղեց բազմամարդ ու ազգային մասնակցութիւն բերելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան, իբրեւ հանրաքուէի պատգամ եւ Դիմադրութեան ընտրանքին կառչելու հաստատում: