Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Կուսակցութեան Առաջադրած 4 Նախարարներուն Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Որեւէ Նոր Տուրքի Հաստատումը Պիտի Չընդունինք»

Փետրուար 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կուսակցութեան առաջադրած չորս նախարարները` արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին, ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստին, ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրին եւ գաղթականներու նախարար Քամալ Շահատէն ընդունելէ ետք յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը «աւելի յոյսի կառավարութիւն է, քան բարեկարգման ու փրկութեան, եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած չորս նախարարները գերիշխանական են»:

«Ներկայ կառավարութիւնը յոյսի կառավարութիւնն է, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր առաջին իրողական կառավարութիւնն է, եւ անկէ կը պահանջուի մեզ կայունութեան փոխադրել», ըսաւ ան:

«Կառավարութիւնը պէտք է յանձնառու դառնայ գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար միջազգային ծրագիրին, եւ քաղաքացիներուն վրայ որեւէ նոր տուրք պիտի չընդունինք», նշեց Ժահժահ:

«Կառավարութեան առաջին պարտականութիւնը պետութեան որոշումին վերստանձնումն է, եւ իբրեւ պետութիւն պէտք է վերահսկենք մեր հիւսիսային ու արեւելեան սահմաններուն, եւ այն թեզը, թէ բանակը բաւարար մարդուժ չունի, սխալ է», ըսաւ ան:

«Կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկէ սահմաններուն վրայ հսկողութեան աշտարակներ կառուցելու եւրոպական ու բրիտանական ծրագիրի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ տուրքերէ փախուստ տալու դէմ պայքարը կառավարական բարեկարգումներու մէկ կարեւոր բաժինը պիտի ըլլայ», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Ինչ կը վերաբերի գաղթականներու հարցերու նախարարութեան, Ժահժահ ըսաւ. «Եթէ գաղթականներու նախարարութիւն չըլլար, պէտք էր զայն նորէն ստեղծել, որպէսզի ան զբաղէր վերջին պատերազմէն ետք հարաւէն մինչեւ Պեքաա վերաշինութեամբ»:

«Պէտք է նոր կառավարութեան հետ նոր էջ բանալ, եւ կը սպասենք նախարարներու ծրագիրներուն: Մենք պատրաստ չենք ետ երթալու, եւ պետութենէն դուրս զէնքի գոյատեւումը բացառուած է», աւելցուց ան:

Ժահժահ խօսքը Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալանին ուղղելով ըսաւ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նոր կառավարութեան մէջ ներկայութեան հանդէպ գոհունակութիւնդ տեղին է, որովհետեւ մեր միակ նպատակը ամբողջ Լիբանանին համար, եւ ոչ թէ շրջանի մը կամ համայնքի մը համար իրողական պետութիւն կառուցելն է»:

«Վարչապետ Սալամէն պէտք եղած բոլոր երաշխիքները ստացանք երաշխաւորելու համար, որ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ նախարարութիւններու աշխատանքին որեւէ խոչընդոտում գոյութիւն պիտի չունենայ», աւելցուց ան:

«Աստուած մեզ անցեալ փուլին պատուհասեց խումբ մը կուսակցութիւններով, որոնք ահաբեկչական կամ փտած որակուեցան, եւ ան, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անցեալ տարիներու գործելակերպին վրայ մեկնաբանութիւն ունի, թող ըսէ», յայտնեց Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ նշեց. «Քաղաքական աշխատանքը հիմնուած է կուսակցութիւններու վրայ, եւ պէտք չէ Լիբանանին վնաս հասցուցած կուսակցութեան մը հետ վարուիլ, ինչպէս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կը վարուին: Լաւ կուսակցութիւններ եւ ոչ լաւ կուսակցութիւններ կան, եւ պէտք չէ բոլորին նկատմամբ նոյն վերաբերմունքը ունենալ: Առանց կուսակցութիւններու քաղաքական բնական կեանք չկայ»:

 

Նախորդը

Հանին Սէյիտ. «Առաջնահերթութիւնս Ելեւմուտքի Նախարարը Ընկերային Պաշտպանութեան Վրայ Աւելի Ծախսելու Համոզելն Է»

Յաջորդը

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը Հիմնարար Փաստաթուղթ Է Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?