Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոպհանի. «Իրան-Հայաստան Հսկիչ-Սահմանային Կէտէն Ռուս Սահմանապահներու Հեռացման Հարցին Վերաբերեալ Մեր Գնահատականը Դրական Է»

February 8, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միայն Հայաստանն ու Իրանն են, որ այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին նոյն ձեւով կը մտածեն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

«Միայն Իրանն է, որ կ՛աջակցի Հայաստանին` դէմ կ՛արտայայտուի, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին: Շրջանի երկիրներէն միայն Իրանն է, որ այս հարցին մէջ կանգնած է Հայաստանի կողքին: Մենք Հայաստանի հետ այս հարցին մէջ տարակարծութիւն չունինք: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը վնաս է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Իրանին», ըսաւ Սոպհանի:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կատարուող սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթին` Սոպհանի ըսաւ, որ այդ գործընթացը նոր քայլ է` խաղաղութեան հասնելու:

«Այն, ինչ որ որդեգրուած է իբրեւ հիմք, Ալմաթիի հռչակագիրն է եւ միջազգային կանոնակարգերը: Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման հոլովոյթին, եթէ անիկա կ՛իրականացուի Ալմաթիի հռչակագիրին եւ միջազգային կանոններուն համաձայն, ատիկա պիտի նպաստէ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման: Մեր եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը շատ յստակ է, եւ այն, ինչ որ կ՛իրականացուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, սահմաններու յստակացման հարցին մէջ, որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ մեր եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին վրայ», շեշտեց դեսպանը:

Իրանի դեսպանը նաեւ յայտարարեց. «Իրան-Հայաստան հսկիչ-սահմանային կէտէն ռուս սահմանապահներու հեռացման հարցին նկատմամբ մեր գնահատականը դրական է»:

«Ատով սահմանը կը վերահսկուի հայկական սահմանապահ ուժերու կողմէ, որեւէ իմաստ չունի, որ երկրի մը սահմանը այլ երկիրներու սահմանապահ ուժերու կողմէ վերահսկուի: Ասիկա իմ տեսակէտս է Հայաստանի շահերու ուղղութեամբ եւ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն ծառայելու իմաստով», ըսաւ ան:

Դեսպանը նաեւ յայտարարեց. «Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ Արաքսի վրայով երկրորդ կամուրջի կառուցումը անհրաժեշտութիւն է»:

Ան ըսաւ, որ թէ՛ Իրանը, թէ՛ Հայաստանը կողմնակից են այս նախագիծի իրականացման, եւ նախագծային աշխատանքներ կատարած են` յոյս յայտնելով, որ շինարարութիւնը նոյնպէս յառաջիկային կը սկսի:

Անոր տուեալներով` 2024 թուականի առաջին 10 ամիսներուն ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ կատարուած է աւելի քան կէս միլիոն սահմանային ուղեւորութիւն:

«Սահմանը կտրած է 126 բեռնատար` չհաշուած փոխադրակառքերն ու ինքնաշարժները: Անցեալ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է մինչեւ 755 միլիոն տոլար, եւ մենք կ՛ուզենք այդ ցուցանիշը հասցնել 1 միլիառ տոլարի, իսկ յետոյ` 3 միլիառ տոլարի: Ագարակ-Քաջարան ճամբու կառուցման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, իսկ Հայաստան-Իրան ելեկտրականութեան հաղորդման երրորդ գիծի կառուցման աշխատանքները վերջնական փուլի մէջ են», աւելցուց Սոպհանի:

Նախորդը

Թրամփ Գաւուքճեանը Նշանակած Է Նորվեկիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին  Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին

October 14, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ  Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը
Հայկական

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը

October 14, 2026
Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ  Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Հետ
Հայկական

Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.