Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Պիտի Յանգեցնէ Հայաստանի Համար ԵԱՏՄ-ի Շուկայի Փակման. Լուծում Մը Գտնելու Մասին Խօսողները Կը Մոլորեցնեն Հայ Ժողովուրդը»

January 30, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան գիտէ, որ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը պիտի յանգեցնէ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) դուրս գալուն եւ Հայաստանի համար ԵԱՏՄ-ի շուկայի փակման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Այստեղ լուծումը շատ ակնյայտ է. Եւրոպական Միութեան հետ շուկաներու բացումը պիտի նշանակէ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ շուկաներու փակում, այլապէս պիտի տուժեն Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր արտադրողները», նշած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Ան բացատրած է, որ Հայաստանի համար «Եւրոպական Միութեան հետ ներմուծման մաքսային տուրքերու զերոյացումը ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ վերադարձ ԵԱՏՄ-ի հետ մաքսային սակերուն»:

«Մեզի համար ազդակ է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու սկիզբը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու սկիզբն է, ասիկա շատ ակնյայտ է ոեւէ մէկուն համար, որ քիչ մը ծանօթ է համարկումի այս 2 ընկերակցութիւններուն: Այստեղ անոնք (հայկական կողմը) շատ յստակ գիտեն, որ հետեւանքները այսպիսին պիտի ըլլան: Այստեղ ոչ ոք պէտք է պատրանքներ ունենայ: Իսկ այն մարդիկ, որոնք հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող քննարկումներուն մէջ կը պնդեն, թէ իբրեւ թէ կարելի է լուծում մը գտնել, անոնք, մեղմ ըսելով, կը մոլորեցնեն հայ ժողովուրդը», ըսած է Օվերչուք:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծին:

Հարցը պիտի ընդգրկուի Ազգային ժողովի յառաջիկայ լիագումար նստաշրջանի օրակարգին վրայ, վերջինս պիտի սկսի 11 փետրուարին:

«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Օվերչուք յայտնած է, թէ Մոսկուան լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցին մէջ` նշելով, որ Ռուսիան կ՛ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութիւնները` սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը սկսելու Հայաստան-Վրաստան-Ազրպէյճան հատման հատուածէն դէպի հարաւ:

«Շատ մեծ, լաւ յառաջընթաց արձանագրուած է: Սահմանազատուած եւ սահմանագծուած է սահմանի մէկ մասը: Հիմա անոնք (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանը եւ Շահին Մուսթաֆայեւը), որքան գիտեմ, վերջերս հանդիպած են, համաձայնած են սկսիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը, պիտի շարժին հիւսիսէն հարաւ», ըսած է ան:

«Մենք միշտ ողջունած ենք նման հաղորդակցութիւնը եւ նման միացեալ աշխատանքը, որովհետեւ ատիկա անկասկած պիտի նպաստէ շրջանի կայունութեան», աւելցուցած է ան:

Օվերչուք նշած է, որ Ռուսիան միշտ աջակցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին եւ պատրաստ է տրամադրելու քարտէսագրական նիւթեր` ըստ պահանջի:

Ռուսիոյ փոխվարչապետը նշած է, որ Մոսկուան պատրաստ է խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերել երկիրներուն` մեկնելով այս տեսակի աշխատանքի իր մեծ փորձառութենէն, ներառեալ ինքնին Ազրպէյճանի հետ:

«Տեղեկութեան առումով, գիտէք, Ռուսիան ունի համապատասխան քարտէսագրական նիւթ, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ տրամադրուիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման մէջ ներգրաւուած կողմերու խնդրանքով», աւելցուցած է Օվերչուք:

Նախորդը

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ Բանակցութիւններէն Ետք. Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները, Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

Յաջորդը

«24 Տարի Առաջ Այս Օր Ֆրանսան Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.