Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկսած Են «Զարմանազան 2025»-ի Դիմումները Ընդունուիլ

January 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, որ 9-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սաւուա շրջանին մէջ` 11 յուլիսէն 6 օգոստոս 2025:

Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու`

10-էն 17 տարեկան պատանիներու յատուկ ծրագիր մը,
18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու յատուկ ծրագիր մը:

Պատանիները եւ երիտասարդները, իրենց տարիքին համաձայն, պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու ի շարս որոնց` տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, փիլիսոփայութեան, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:

Մասնագէտ եւ տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ, բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերելու եւ հաղորդակցելու լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը: Երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է առնուազն միջին մակարդակով հայերէն գիտնան:

Այս երկու ծրագիրներուն մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է: Երրորդ սիւնը`

– Համալսարանական ծրագիր մը` սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն համար:

Այս մէկը խտացեալ ծրագիր մըն է, որուն աւարտին Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկը («Ինալքօ») կու տայ վկայագիր մը: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն, թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ, որոնց կ՛ուղեկցին մասնագէտ դասատուներ: Ծրագիրը առաւելագոյնը 15 ուսուցիչներ կրնայ ընդունիլ:

Դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ 21 փետրուար, Կրինիչի միջին ժամով` ժամը 23:00-ին:

Ձեր դիմումը կրնաք կատարել` այցելելով https://www.zarmanazan.com/

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը կազմուած է 2017-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ` իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը: Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ «Ինալքօ»-ի հետ համագործակցութեամբ:

Ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի կրթական նախարարութեան կողմէ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/2025/01/20/zarmanazan-2025/

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 190

Յաջորդը

Հայկական Սփիւռքի Մերօրեայ Մարտահրաւէրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.