Վրաստանը Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կ՛առաջարկէ եռակողմ համագործակցութեան նախաձեռնութիւն, որ կը նախատեսէ Հարաւային Կովկասի բոլոր 3 երկիրներու ներգրաւում տարբեր ոլորտներու մէջ: Այս մասին Պաքուի մէջ տնտեսական համագործակցութեան վրաց-ազրպէյճանական միջկառավարական յանձնախումբի նիստի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք որոշակի գործնական քայլեր ձեռնարկելու եւ խթանելու շրջանին մէջ համագործակցութիւնը:
«Վրաստանը կողմերուն կ՛առաջարկէ եռակողմ համագործակցութեան նախաձեռնութիւն, որ կ՛ենթադրէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երեք երկիրներու ներառումը տարբեր ոլորտներու մէջ», ըսած է Քոպախիծէ:
Վրաստանի վարչապետը վրացական-ազրպէյճանական միջկառավարական տնտեսական նիստի սկիզբը յայտարարած է. «Ազրպէյճանը Վրաստանի կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկերներէն է»:
«Շրջանային համագործակցութեան ծիրին մէջ կարեւոր է ապահովել ուժանիւթային ու փոխադրամիջոցային ուղիներու յաջող գործունէութիւնը, լուծել գոյութիւն ունեցող տագնապները եւ նպաստել շրջանին մէջ անվտանգութեան», ընդգծած է ան:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի իր կարգին իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Վրաստանը, անհրաժեշտութեան պարագային, լիովին պիտի օգտագործէ իր ներուժը` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար»:
Վրացական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, ընդգծուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Վրաստանը միշտ հաւատարիմ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: Անիկա միշտ պատրաստ է նպաստելու երկիրներու միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման», ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարը: