Ո՛չ վարչապետի աշխատակազմէն, ո՛չ արտաքին գործոց նախարարութենէն առայժմ կը յստակացնեն` Երեւանը Մինսքի խմբակի լուծարման հարցով ԵԱՀԿ-ին մինչեւ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրո՞ւմը պիտի դիմէ, թէ՞ անկէ ետք: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»-ը` նշելով. «Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով աւելի քան երեք տասնամեակ զբաղած Մինսքի խմբակի լուծարման պայման Ազրպէյճանը կը ներկայացնէ:
«Երբ խաղաղութիւնը կայացած փաստ է, այդ ձեւաչափի գոյութիւնը կը կարծեմ, իրօք, կրնայ հարցեր յառաջացնել: Խնդիրը այստեղ ժամկէտի մասին է, որովհետեւ իմ տրամաբանութեամբ ընդհանրապէս որեւէ գործի մէջ պէտք չէ կառքը ձիէն առաջ դնել ու հարց է, թէ արդեօք արդիւնաւէտ ու ճիշդ ճամբա՞յ է այդ նիւթը հիմա քննարկման առարկայ դարձնել», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Եթէ վարչապետը երեք ամիս առաջ ճիշդ չէր նկատեր առանց խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման խօսիլ Մինսքի խմբակի լուծարման մասին, արդէն 3-4 օր է` հարցը կը քննարկուի ինքնին Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ: Ատկէ առաջ Իլհամ Ալիեւ յիշեցուցած էր` պայմանագիրի ստորագրման համար Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը կը շարունակէ մնալ նախապայման:
«Կարելի՞ է Երեւանը պայմանագիրի կնքման խոչընդոտներէն մէկը վերցնելու համար ի վերջոյ համաձայնի լուծարել Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն ու Ռուսիայէն կազմուած եռանախագահութիւնը, իշխանական պատգամաւոր Ծովինար Վարդանեան հարցումին ուղիղ չի պատասխաներ:
«Ես կը կարծեմ, որ մեր կամայական որոշումը ըստ իրավիճակի է, բնականաբար, որոշումը կը տրուի ըստ պետութեան շահի, հետեւաբար այս պահուս որեւէ յստակութիւն չկայ: Այստեղ շատ կարեւոր է տեսանկիւնը` մենք ինչպէ՛ս կը նայինք խաղաղութեան կառուցման գործընթացին: Հետեւաբար որեւէ նախապայման կամ ոչ նախապայման քննարկելու ընթացքին մենք ընդհանուր առմամբ կը մեկնինք Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահէն, հիմա ինչ ձեւակերպում կու տանք այդտեղ, կարծեմ, նման ձեւակերպումներէն կ՛արժէ խուսափիլ», նշեց Վարդանեան»:


