«Փաշինեանի յայտարարութիւնները չեն կրնար Հայաստանի բարի մտադրութիւններու վկայութիւնը ըլլալ», անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան հինգշաբթի օրուան դիմատետրեան գրառման` «Էքս»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Եւ ի՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը, պարո՛ն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Թող ձեր գործերը աւելին ըսեն, քան ձեր խօսքերը: Ուշագրաւ է, որ ձեր «խաղաղասէր պատմութիւն»-ը կ՛անտեսէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարեւորագոյն բաղադրիչը` յարգանքը պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ», նշած է Հաճիզատէ:
Ազրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նշած է. «Եթէ Հայաստանը իրօք շահագրգիռ է իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ, ինչո՞ւ ամէն կերպով կը խուսափիք ձեր Սահմանադրութեան եւ ազգային օրէնսդրութեան ծիրին մէջ հրաժարելու այն տարածքներէն, որոնք դուք կը կոչէք «Արեւմտեան Հայաստան» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»: Կը ներէք, սակայն ձեր կռուանները չեն կրնար «Հայաստանի բարի մտադրութիւններու» վկայութիւն նկատուիլ»:
Փաշինեան Հայաստանի անունով առաջարկած էր լուծարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:
Արցախեան խնդիրի կարգաւորման համար 33 տարի առաջ ստեղծուած Մինսքի խմբակը լուծարելու պահանջը Պաքուի տեւական պահանջն է:


