Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասր ակումբը իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Օխտուտը:
Նիկերիացի Կոտուին Սավիուր 6-րդ վայրկեանին նշանակեց 14-րդ դիրքը գրաւող Օխտուտի եւ մրցումի առաջին կոլը: 18-րդ վայրկեանին սենեկալցի Սատիօ Մանէ նշանակեց կոլ մը, որ սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց:
29-րդ վայրկեանին Մանէի յաջորդ կոլը վաւերացուեցաւ: 42-րդ վայրկեանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փենալթիով նշանակեց Նասրի 2-րդ եւ իր ասպարէզի 917-րդ կոլը: 3 վայրկեան ետք Ռոնալտօ կրնար կոլ մը եւս նշանակել, սակայն բերդապահը զսպեց անոր զօրաւոր հարուածը:
88-րդ վայրկեանին Մանէ կրցաւ կոլ մը եւս նշանակել, եւ Նասր իր 28-րդ կէտը շահեցաւ գրաւելով 3-րդ դիրքը, Իթթիհատի եւ Հիլալի ետին:


