Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան վերադարձաւ գերմանական Եան Ռեկենսպուրկ, ուր նախապէս կը խաղար 2017-էն 2019: Ադամեան Քէօլնէն վարձավճարով տեղափոխուեցաւ իր նախկին ակումբը, որ «Բ. Պունտըսլիկա»-ի դասակարգին մաս կը կազմէ եւ պիտի մնայ հոն մինչեւ 30 յունիս:
«Շատ ուրախ եմ շուտով վերատեսնելու Սարգիսը «Եան»-ի տարազով: Իր խաղով եւ որակով ան մեզի պիտի օգնէ մեր խումբին պայքարելու մեր դիրքին համար: Ան ծանօթ է ակումբին, քաղաքին: Թէեւ վերջին երկու ամիսներուն ան քանի մը խաղի մասնակցեցաւ միայն, բայց վստահ ենք, որ ան շատ արագ կ՛ընտելանայ խումբին, եւ անոր որակները կ՛օգնեն մեզ հասնելու մեր նպատակներուն, մրցաշրջանի մնացած մասին», ըսաւ ակումբին մարզական տնօրէնը:
«Հրաշալի ձեւով սիրած եմ այս ակումբը եւ անհամբեր եմ կրկին խաղալու այստեղ: Ես զգացի ակումբի ղեկավարութեան վստահութիւնը, եւ ամէն գնով կը ցանկամ օգնել ակումբին` լիկայի նպատակներուն հասնելու հարցով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քէօլնին, որ ինծի կարելիութիւն ընձեռեց նոր մարտահրաւէր ունենալու եւ աւելի մեծ փորձառութիւն ձեռք բերելու: Այժմ անհամբեր եմ օգնելու «Եան»-ին` ակումբին մարզաշապիկով իմ առաջին իսկ խաղերուն», ըսաւ Ադամեան:
Նշենք, որ Սարգիս Ադամեան Հայաստանի ազգային խումբի շապիկը կրած է 36 անգամ:


