Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
6 յունուարին մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնը: Տօնին առիթով համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին` Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Հայրապետական սուրբ պատարագին ներկայ էին երագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, մայր աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ ուխտաւոր հայորդիներ:
Հայրապետական խաչվառազարդ թափօրը զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին վեհարանէն ամպհովանիով ուղեկցեցաւ դէպի մայր տաճար: Հայրապետական ամպհովանին կը կրէին մայր աթոռի Ճարտարապետական խորհուրդի ատենապետ Նարեկ Սարգսեանը, խորհուրդի անդամներ Յովհաննէս Սանամեանը, Աշոտ Մանասեանը եւ Ռուբէն Ազատեանը:
Սրբազան արարողութեան վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Վազգէն արք. Միրզախանեանը եւ Մուշեղ եպս. Բաբայեան:
Սուրբ պատարագի ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ տօնին առիթով յղեց իր պատգամը:
Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ նշեց, որ այսօր Սուրբ Ծննդեան հրաշազարդ իրադարձութիւնը վերստին կը յառնի մեր հայեացքին առջեւ: Երկնային բարձունքներուն մէջ գահին բազմող փառքի Թագաւորը կը ծնի աղքատիկ մսուրի մէջ: Փրկիչի ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսին ունկնդիր` պարզասիրտ հովիւները կը խոնարհին Մանուկ Աստուածորդիին առջեւ: Իմաստուն մոգերը կ՛երկրպագեն Փրկիչին, որ աստուածային խնամքով մարդկութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի բարիք, հաճութիւն ու համերաշխութիւն:
Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Աստուածորդիին հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը անճառելի խորհուրդ է` միտքին անհասանելի, բայց հաւատքով ճանաչելի եւ ընկալելի: Փրկիչը խոնարհեցաւ եւ մարմին առաւ նիւթականէն դէպի հոգեւորն ու աստուածայինը բարձրացնելու մարդկային սրտերն ու միտքերը: Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտնեց, որ Քրիստոսին ընդառաջ երթալը, Անոր պատուիրաններով ապրիլը կը վեհացնէ եւ կը զօրացնէ անձերն ու ժողովուրդները, արժանի կը դարձնէ աստուածային պարգեւներու եւ օրհնութիւններու: Խանձարուրով պարուրուած մարդը ընդունելով Աստուածորդին կը զգեստաւորուի փրկութեան շնորհով, որ հաւատացեալի կեանքին մէջ կը բխեցնէ երկնառաք բարիքներու աղբիւրը: Աստուածամերժ ընթացքները, սակայն, մարդկութիւնը կը կանգնեցնեն չարիքներու ու կործանարար սպառնալիքներու առջեւ:
«Այսօր ամէնքս ականատես ենք Աստուծմէ հեռացող աշխարհի դառնագին իրականութեան` նիւթականի պաշտամունք, քաղաքական ու տնտեսական շահեր, տիրապետելու մոլուցք, որոնց կը զոհաբերուին անհատի եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, բարոյականութեան սկզբունքները, համամարդկային խաղաղ համակեցութիւնը, երջանկութիւնն ու բարիքը: Այս արհաւիրքներուն հետեւանքով մարդկութիւնը յայտնուած է աղէտալի իրողութիւններու առջեւ` պատերազմներ, զոհեր ու աւերածութիւններ, կարիքի ու դժուարութիւններու մէջ հասակ առնող որբացեալ եւ անօթեւան երեխաներ, հակամարտութիւններու դաժան պայմաններուն մէջ գոյատեւող, գաղթական դարձած ընտանիքներ», ըսաւ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով. «Աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ ծանր փորձութիւններու ենթարկուեցաւ մեր ժողովուրդը` բռնագրաւուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախը, գրաւուած կը մնան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, տակաւին գերութեան մէջ են եւ անհետ կորսուած մեր բազում զաւակներ, Ազրպէյճան կը շարունակէ հնչեցնել նորանոր պահանջներ ու սպառնալիքներ: Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է ներքին խնդիրներով` կեղծիք, անօրինականութիւն, չարակամութիւն, քինախնդրութիւն, արատաւոր երեւոյթներ, որոնք հասարակութեան մէջ պատճառ կը դառնան անվստահութեան, անտարբերութեան, թշնամանքի ու պառակտումի եւ կը յանգեցնեն ազգի տկարացման: Այս բոլորին զուգընթաց քրիստոնէական բարոյական ընկալումներու եւ ազգային-հոգեւոր աւանդական արժէքներու խեղաթիւրումը կ՛աղճատէ մեր ժողովուրդի ինքնութեան դիմագիծը, կը թուլացնէ ազգային ոգին, կը ներքաշէ դէպի մեղքի, յուսահատութեան որոգայթներ: Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով մեզի վերստին երկնային հրաւէրը կ՛ուղղուի` ընթանալու սիրոյ, հաշտութեան, արդարութեան տէրունաւանդ ճանապարհով: Այս կոչը իրագործելի է միայն քրիստոնէական կենսակերպով: Այս կոչը իրագործելի է, եթէ անձնական բարեկեցութեան ու յարմարաւէտութեան չզոհաբերենք մեր ինքնութիւնը, ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի բարօրութիւնը: Չենք կրնար ծառայել համընդհանուր բարիքին` տրուելով փառասիրութեան ու իշխանատենչութեան եւ առաջնահերթութիւն տալով սեփական շահերուն: Մենք` իբրեւ ազգ, թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ, կը յաջողինք, եթէ միշտ հաւատարիմ մնանք Քրիստոսին, Անոր վարդապետութեան, ընթանանք Աստուծոյ խօսքի եւ աստուածային կամքի համաձայն, ձերբազատինք մոլորեցնող ու բաժանարար մարդկային նենգամտութենէն: Միաբանուինք յանուն մեր պետութեան անսասանութեան եւ անվտանգութեան, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն նկատմամբ արդարութեան վերականգնման, յանուն մեր ազգի ու հայրենիքի ապահով եւ բարօր յարատեւութեան: Ըլլանք մէկզմէկու գործակից եւ ոչ` հակառակորդ, ըլլանք նախանձախնդիր ծառայելու եւ ոչ` դիրքն ու հանգամանքը չարաշահելու մէջ: Տարագիր չդառնանք մեր երկրէն, ապրինք ու արարենք մեր հարազատ բնօրրանին մէջ: Երեխաներու նոր ծնունդով, արժանաւոր զաւակներու դաստիարակութեամբ հզօրացնենք մեր ազգն ու հայրենիքը: Իւրաքանչիւրս մեր կարողութեան չափով ներդրում բերենք համազգային կեանքի յառաջընթացին` ի պայծառութիւն մեր պետութեան եւ ի շահ մեր ժողովուրդի լուսաւոր գալիքի»:
«Սուրբ Ծննդեան հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք մատուցենք մարդեղացեալ Աստուածորդիին եւ հայցենք, որ առատ ըլլան երկնահեղ օրհնութիւնները ազգային ու հայրենական մեր անդաստանին մէջ, հաստատուն մնան տէրունաւանդ հաւատքը, յոյսն ու սէրը մեր կեանքին մէջ: Խնդրենք Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնը մեծ կորուստներ կրած եւ հարազատ բնօրրանէն զրկուած արցախահայութեան: Խնդրենք Ամենակալէն, որ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն հաստատուի ամբողջ աշխարհի եւ հայրենի մեր երկրին մէջ: Թող Աստուծոյ ամենախնամ Աջը եւ Սուրբ Ծննդեան կենարար շնորհները մշտապէս հովանի ըլլան համայն մեր ժողովուրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն», եզրափակեց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը:
Յաւարտ սուրբ պատարագի` կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Սուրբգրային ընթերցումներէ, ջրօրհնեաց շարականներու երգեցողութենէ եւ Բարսեղ Մեծի աղօթքէն ետք Ամենայն հայոց կաթողիկոսը խաչով եւ սրբալոյս միւռոնով օրհնեց ջուրը:
Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը վերստին իր օրհնութիւնն ու Սուրբ Ծննդեան փրկարար աւետիսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:


