Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուրապիշվիլի Կը Պնդէ Վրաստանի Մէջ Նոր Ընտրութիւններ Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

December 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի դարձեալ պնդած է խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ան շեշտած է, որ քուէարկութեան օրուան շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ մինչեւ 29 դեկտեմբեր, երբ կ՛աւարտի Զուրապիշվիլիի լիազօրութիւններու ժամկէտը, իսկ վրացական իշխանութիւնները կը նախատեսեն նորընտիր նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլիի երդման արարողութիւնը կատարել:

Զուրապիշվիլի վերահաստատած է Վրաստանի իշխող Վրացական երազանքի երեսփոխան Պիձինա Իւանիշվիլիի հետ հանդիպելու իր պատրաստակամութիւնը:

«Որպէսզի երկրին մէջ ամէն ինչ լաւ աւարտի, թող ան գայ (նախագահական) պալատ, որովհետեւ ան կը վերահսկէ ամէն ինչ: Ես պատրաստ եմ նիստի եւ անոր հետ մտածելու, թէ ընտրութիւնները ինչպէ՛ս պէտք է նշանակուին», Թիֆլիսի Ռուսթաւելի պողոտային մէջ հաւաքուածներուն հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է երկրի գործող նախագահը:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ ընդգծած է, որ նոր ընտրութիւններ նշանակելու պատճառ չկայ: Ան կիրակի օր սպառնացած է Զուրապիշվիլիի դէմ քրէական հետապնդում կատարել, եթէ ան գերազանցէ իր լիազօրութիւնները եւ յայտարարէ նոր ընտրութիւններ կատարելու մասին, ինչպէս նաեւ եթէ մերժէ հեռանալ նախագահական պալատէն:

Քոպախիծէ ըսած է, թէ ոչ ոք կ՛ուզէ 72 տարեկան նախագահը բանտ ուղարկել, ուստի յոյս ունի, որ Զուրապիշվիլի «բաւականաչափ խոհեմութիւն կ՛ունենայ»: Զուրապիշվիլի իր կարգին, յայտարարած է, թէ բանտը յայտնուելէ չի վախնար:

Յիշեցնենք, որ Զուրապիշվիլին չ՛ուզեր մինչեւ 29 դեկտեմբեր լքել նախագահական պալատը եւ յայտարարած էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը կը նկատէ ոչ օրինական:

 

 

Նախորդը

Սալիվըն. «Թրամփի Խումբը Տեղեակ Պահեցինք Իրանի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգելու Կարելիութեան Վտանգներէն»

Յաջորդը

Փեսքով. «Տակաւին Փութինի Եւ Թրամփի Հանդիպման Կազմակերպման Իրական Ազդակներ Չկան»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.