Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահմետ Շարհ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆարուք Շարհի Հետ

December 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ֆարուք Շարհի հետ, որ Պաշշար Ասատի կողմէ մեկուսացուելուն պատճառով տարիներէ ի վեր հեռացած էր քաղաքական բեմէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն:

Ֆարուք Շարհի հօրեղբօրորդին` Մարուան Շարհը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Ժուլանին Շարհը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու մօտ օրէն գումարուելիք Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին:

Մարուան Շարհ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է. «Ահմետ Շարհը Դամասկոս հասնելէն վերջ այցելած է Ֆարուք Շարհին, մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող կեցութեան վայրը, եւ զինք հրաւիրած Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին ներկայ գտնուելու»:

Ան աւելցուցած է, որ Ֆարուք Շարհ ընդունած է հրաւէրը` նշելով, որ վերջինս վերջին անգամ հրապարակի վրայ երեւցած է 2011-ին Դամասկոսի «Սահարա» պանդոկին մէջ եւ այդ օրուընէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հրապարակ դուրս պիտի գայ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի ընթացքին:

Ֆարուք Շարհ երկու տասնամեակ վարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը 1984-էն` Հաֆեզ Ասատի ժամանակաշրջանէն սկսեալ, եւ 2000-ին շարունակած է վարել այդ պաշտօնը Պաշշար Ասատի իշխանութեան գալէն ետք:

2006-ին նշանակուած է հանրապետութեան փոխնախագահ, իսկ 2011-ին վարած է Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը, սակայն ատկէ ետք լուսարձակներէ հեռու մնացած է:

Ան օրին առաջարկած է վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ միջնորդութիւն կատարել, մասնաւորաբար իր ծննդավայր Տարաայի մէջ բողոքի ցոյցերու ծագելէն ետք, եւ կոչ ուղղած է տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու, եւ բուռն կերպով քննադատած ցոյցերուն նկատմամբ Ասատի զինուորական մօտեցումը:

Մարուան Շարհ յայտնած է, թէ 86 տարեկան Ֆարուք Շարհ տնային կալանքի տակ էր, եւ անոր արգիլուած էր Դամասկոսէն դուրս գալ: Անոր վարորդն ու թիկնապահը բանտարկուած են սուրիական վարչակարգէն անոր անջատումը դիւրացնելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Ժուլանի Սուրիոյ մէջ ալեւի համայնքի հեղինակաւոր շէյխերուն հրաւէր կ՛ուղղէ` քննարկելու համար անոնց մտավախութիւնները»:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աքրամ Հալապիի Ցանկը Շահեցաւ Ֆետերասիոնի Ընտրութեան

Յաջորդը

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու, Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.