ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ
Անցեալ տարի ամրան ես ու ամուսինս Լիբանանէն Ֆիլատելֆիա մեկնեցանք այցելելու մեր առջինեկ դստեր` Դալարին, որ 2019-ի Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէն ետք ձգած էր իր երկիրը եւ հաստատուած Միացեալ Նահանգներ` շարունակելու իր ուսումը: Շատ մը լիբանանցի ծնողներու պէս, մեզի ալ վիճակուած էր պահ մը ընդունիլ «դառն» իրականութիւնը եւ համակերպիլ պարտադրուած իրողութեան ու պահ մըն ալ մտածել, թէ աւելի նպաստաւոր էր երիտասարդ-երիտասարդուհիի մը մեկնումը Լիբանանէն դուրս: Շատեր ճակատագիրի վերագրելով, իսկ ուրիշներ վերագրելով երկրի անյոյս վիճակին` հաւանած էին ընտելանալ բաժանումի այս վրդովեցնող գաղափարին հետ:
Ֆիլատելֆիան գեղեցիկ է իր հանդարտ, լայն ու մաքուր պողոտաներով, կանաչազարդ թաղերով, յարմարաւէտ եւ հանգիստ մթնոլորտով: Ունի նաեւ հայկական գաղութ մը: Լիբանանի «քաոսը» ձգելով` հաճելի էր գէթ կարճ ժամանակի մը համար ապրիլ անդորրութեամբ, հանգիստ մտքով եւ կարգ ու կանոն ունեցող միջավայրի մը մէջ:
Աղջիկս կ՛ապրէր ընդարձակ շէնքի մը մէջ, ուր կ՛ապրէին ամերիկացի կամ ոչ ամերիկացի փոքր ընտանիքներ եւ լիբանանցի ուսանողներ, որոնցմէ մէկ քանին աղջկանս դասընկեր-դասընկերուհիներն էին: Միասին փոքր խումբ մը կազմած էին` պահպանելով լիբանանցին բնորոշող իրենց յատուկ սովորութիւնները եւ ուրոյն մթնոլորտը: Միւս բնակիչներուն գրեթէ չէինք հանդիպած: Գացած-եկած ատեննիս պատահականօրէն կը նշմարէինք մէկ-երկու հոգի: Շէնքին մթնոլորտը ընդհանրապէս հանդարտ էր, շշուկ չկար:
Գիշեր մըն ալ, բաւական ուշ էր, երբ յանկարծ հրդեհի ահազանգը հնչեց ամբողջ շէնքին մէջ: Ապշահար իրարու նայեցանք եւ հապճեպ դուրս վազեցինք դէպի շէնքին մուտքին գտնուող բաց կառատունը: Ժամանակը կարճ էր, միայն անհրաժեշտ իրեր կրնայինք միասին վերցնել, ինչպէս` անցագիր, դրամ, բանալի: Յստակ չէր, թէ հրդեհը շէնքին ո՛ր բաժինին մէջն էր: Հինգ վայրկեան անցած չէր, երբ բաց կառատունը ամբողջութեամբ լեցուեցաւ շէնքէն դուրս եկած հոծ բազմութեամբ մը: Զարմացած էի, թէ այդ հսկայ թիւը ուրկէ՞ դուրս եկաւ. կարծած էինք, թէ շէնքին մէջ քիչ թիւով բնակիչներ կան: Գէթ հանդարտութիւնը այդպէս կը յուշէր… Բազմութեան մէջ կային` տարեցներ, մանկասայլակով երեխաներ, դպրոցական տարիքի փոքրիկներ, երիտասարդներ եւ, վերջապէս, ամէն տարիքի մարդիկ:
Հրշէջները անմիջապէս վրայ հասան եւ շէնք մտնելով` սկսան փնտռել հրդեհին վայրը: Բոլորը հանդարտութեամբ կը սպասէին հրշէջներուն թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն: Դէմքերուն վրայ որեւէ արտայայտւթիւն չկար: Կարծես շատ պարզ պատահար մըն էր. անտարբերութի՞ւն էր արդեօք, թէ՞ ես կը մտածէի լիբանանցիի հոգեբանութեամբ` ենթադրելով, որ խուճապահար մարդիկ իրարանցում պէտք էր ստեղծէին: Շատեր մոռցած էին իրենց հետ առնելու կարեւոր իրեր: Հրշէջները թոյլ չտուին, որ ոեւէ մէկը շէնք մտնէ, մինչեւ հակակշիռի տակ չառնեն եւ չգիտնան հրդեհին տարողութիւնը:
Պահ մը մոռցայ հրդեհին առթած արհաւիրքը եւ մտածեցի, թէ եթէ Լիբանան ըլլայինք… այս նոյն իրավիճակը ի՞նչ երեւոյթ պիտի ստանար, կամ ի՞նչ պատկեր պիտի պարզուէր մեր դիմաց: Հաւանաբար նմանէր «Բաբելոնի աշտարակին», ուր լեզուներու խառնաշփոթութիւն կար, իսկ հոն` Լիբանան, իրարանցում, պոռչտուք, քաոս… սակայն լիբանանցիի մը վարուելակերպով եւ հիմնական սկզբունքով, նման դժուար պարագայի մը կարելի չէր ականատես չըլլալ միասնական ոգիի, իրերօգնութեան տրամադրութիւն, հարազատ մթնոլորտ, կամ գէթ` հետաքրքրութիւն, թէ ոեւէ մէկը բանի մը կարիք ունի՞:
Այսօր Լիբանանի այս դժնդակ օրերուն, հեռաւոր երկիրներ գտնուող հարազատներ եւ բարեկամներ վստահելէ ետք մեր որպիսութեան, հարց կու տան` «Ի՞նչ կ՛ընէք տակաւին Լիբանանի մէջ», «Ինչո՞ւ դուրս չէք ելլեր»: Արդեօք այնքան դիւրի՞ն է լքել երկիր մը, ուր տարիներու ընթացքին ընտանիքդ, աշխատանքդ, միջավայրդ «կաթիլ առ կաթիլ» եւ ճակտիդ քրտինքով ձեռք բերած ես: Յանկարծ այս ամբողջութենէն արմատախիլ պիտի ըլլաս եւ ճամպրուկներդ պատրաստելով` պիտի հաստատուիս օտար երկրի մը մէջ եւ պիտի հաւանիս ընտելանալ օտարոտի եւ մեքենայացած կեանքի մը: Հոգ չէ, թէ օրէնքի երկիր է, հոգ չէ, թէ «հանգիստ» երկիր է այդ օտար երկիրը… Մեզմէ շատեր` իբրեւ արեւելքցի, եւ մասնաւորաբար իբրեւ լիբանանցի, նախապատուութիւնը պիտի տան Լիբանանի եռանդով զեղուն մեր կեանքին, մեր տաքուկ եւ ջերմ մթնոլորտին, մեր խանդավառ ընկերային միջավայրին, դրացիներու հիւրընկալութեան եւ, վերջապէս, սքանչելի եւ յափշտակիչ տեսարժան վայրերուն, որոնք անփոխարինելի են: Հոգ չէ, թէ Լիբանանի տագնապալից վիճակը մեր շուքին պէս մեզ կը հետապնդէ եւ մեզմէ կը խլէ խաղաղ ապրելու իրաւունքը, սակայն օտարութիւնը մեզմէ կը խլէ մեր ինքնութիւնը, մեր, այս պարագային, իբրեւ հայ գոյատեւելու առիթը: Այս երկընտրանքին դիմաց, հաւանաբար, շատերու համար դժուար ըլլայ վճռական որոշում մը կայացնել: Կը մնայ կա՛մ համակերպիլ Լիբանանի իրավիճակին, կա՛մ տուայտիլ օտար ջուրերու վրայ, հոն, ուր ցամաքը անձեռնմխելի է ու շա՜տ հեռաւոր…
Հրշէջները դուրս եկան շէնքէն. ահազանգը սխալմամբ հնչած էր, հրդեհ չկար: Անակնկալի եկած, բայց գոհունակութեամբ վերադարձանք մեր տուները եւ փառք տուինք, որ պատահածը կեղծ ահազանգ մըն էր:


