Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը ներկայացնէ ֆութպոլի տարուան լաւագոյններու ընտրութեան մրցանակներուն գծով տարբեր անուանակարգերուն առաջադրած խաղցողներուն մրցանակներ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյնս հանրահռչակած մարզիկ» անունով մրցանակ առաջադրուած է Հենրիխ Մխիթարեանին եւ Տիգրան Բարսեղեանին` իբրեւ մարզիկներ, որոնք աւելի եւս ճանաչելի դարձուցած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրենց ելոյցներով` տարբեր երկիրներու մէջ:
Վարազդակ Հարոյեան, Էտուարտ Սփերձեան, Լուքաս Զելարայեան եւ Օկնյեն Չանչարեւիչ «Հանդիսատեսի համակրանք»-ի մրցանակի համար առաջադրուած են Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: Նշեալ մարզիկները յաւելեալ համակրանք կը վայելեն հանրութեան մէջ իրենց մարզական գործունէութեան համար:


