«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մենամարտերու թեթեւ կշիռի (70 քկ) ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարող, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան վերջերս յայտնեց, թէ իր մրցակից եւ ախոյեան Իսլամ Մախաչեւի դէմ իր առաջին ճակատումին սխալը պիտի չկրկնէ:
«Ես չափազանց ուժ գործածեցի եւ վատնեցի` փորձելով զայն տապալել: Ես պէտք չէր ատիկա ընէի, քանի որ ան շատ լաւ կը պաշտպանուէր: Ես պէտք էր կեդրոնանայի հարուածներուս եւ ըմբշամարտի վրայ: Աւելի շատ պէտք էր հարուածէի, քան կռուէի», ըսաւ Ծառուկեան:
2019-ի մրցումին վրէժի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուար 2025-ին, «Եու. Էֆ. Սի. 311» մրցաշարքին:
33 տարեկան Մախաչեւը իր 27 մրցումներէն 26-ը յաղթանակով աւարտած է, մինչ այժմու թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած Արման Ծառուկեան (28 տարեկան) 25 մրցումներէն 22-ը յաղթանակով աւարտած է:


