Տրուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան գործառնական փուլի մեկնարկը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը:
«Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի գաղթի եւ ներքին գործոց գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննես Լուշների գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպումին տրուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան գործառնական փուլի մեկնարկը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


