Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ հրապարակած է Արեւմտեան Ատրպատական (Ազրպէյճան) նահանգի քարտէսը, որ կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ:
Դեսպանը իր հրապարակած նկարին կից գրած է. «Միակն ու անկրկնելին»:
Պաքու բռնագրաւեալ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասը պարբերաբար կը ներկայացնէ իբրեւ, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան»:


