ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի հետ միջնադարեան Հայաստանի քաղաքական ու մշակութային պատմութեան փոխազդեցութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած պատմաբան, միջնադարեան նիւթերու պատմագէտ, նկարչուհի եւ հնագէտ Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1950-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը հայկական վարժարաններու մէջ ստացած է, ապա յաճախած ու աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր պատմութեան դասախօս եղած է 1986-2005: Պաշտօնավարած է նաեւ` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի մէջ, 1981-1986, Միացեալ Նահանգներու Քոլոմպիա համալսարանին մէջ, 2002-2006, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, 2007-2010, ինչպէս նաեւ` Շիքակոյի համալսարանին մէջ, 2010-ին: (Համացանցային Կայքէջ.-
https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D5%8D%D5%A5%D5%A4%D5%A1):
Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան հեղինակած է աւելի քան յիսուն գիտական յօդուածներ եւ տասնմէկ գիրքեր: Ան առաջին հայ կին գիտնականն է, որ տիրացած է փիլիսոփայութեան գիտական դոկտորայի (Doctor of Sciences in Philosophy) վկայականին, իր աշխատասիրութիւններով կեդրոնացած է հայկական փիլիսոփայութեան եւ իսլամական ու հայկական յարաբերութեանց զանազան բնագաւառներուն վրայ:
Ինքնին խօսուն են փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանին հեղինակած աշխատութիւններուն վերնագիրները.
Ա.- «Հայկական իրավիճակը յետահայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ. վերլուծում մը», Օթաուա, Քանատա, 2015, 214 էջ, անգլերէն (The Armenian Condition in Hindsight and Foresight- A Discourse, Ottawa, Canada, 2015, 214 pages):
Բ.- Խմբագիր եւ համահեղինակ, «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն. պատմութիւն, առաքելութիւն, հարստութիւններ», Անթիլիաս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակութիւններ, 2015, 400 էջ, հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն (The Catholicosate of Cilicia – History, Mission, Treasures. Editor, Co-Author. Antelias, Lebanon: Catholicosate Publications, 2015», 400 pages):
Գ.- «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ` 7-14-րդ դարերու ընթացքին. ներգործութեան յարացոյց. Արաբական ժամանակաշրջանը Արմինիայի մէջ, առաջին հատոր», Նիւ Պրաունսուիք, ԱՄՆ եւ Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն (Մ.Թ.), Թրենզեքշըն հրատարակիչներ, 2011, 290 էջ, անգլերէն (The Armenians in the Medieval Islamic World – Paradigms of Interaction – Seventh to Fourteenth Centuries. Volume One: The Arab period in Armīnyah – Seventh to Eleventh Centuries. New Brunswick, U.S.A. & London, UK: Transaction Publishers, 2011, 290 pages):
Դ.- «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ` 7-14-րդ դարերու ընթացքին. ներգործութեան յարացոյց. հայկական գործնական քաղաքականութիւն իսլամական աշխարհին մէջ եւ տարամէտ յարացոյցներ. Կիլիկիոյ պարագան, տասնմէկերորդէն տասնչորրորդ դարեր, երկրորդ հատոր», Նիւ Պրաունսուիք, ԱՄՆ եւ Լոնտոն, ՄԹ, Թրենզեքշըն հրատարակիչներ, 2011, 318 էջ, անգլերէն (The Armenians in the Medieval Islamic World – Seventh to Fourteenth Centuries. Volume Two: Armenian Realpolitik in the Islamic World and Diverging Paradigms- The Case of Cilicia – Eleventh to Fourteenth Centuries. New Brunswick, U.S.A. & London, UK: Transaction Publishers, 2012, 318 pages):
Ե.- «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ` 7-14-րդ դարերու ընթացքին. ներգործութեան յարացոյց. միջնադարեան աշխարհաքաղաքացիութիւն եւ իսլամութեան դիմագիծները. տասներորդէն տասնչորրորդ դարեր, երրորդ հատոր», Նիւ Պրաունսուիք, ԱՄՆ եւ Լոնտոն, ՄԹ, Թրենզեքշըն Հրատարակչութիւն, 2013, 208 էջ, անգլերէն (The Armenians in the Medieval Islamic World – Paradigms of Interaction- Medieval Cosmopolitanism and Images of Islam- Thirteenth to Fourteenth Centuries. New Brunswick: U.S.A. & London, UK: Transaction Publishers, 2013, 208 pages):
Զ.- «Հայկական կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիայէն Անթիլիաս. նախաբան, Անթիլիաս, Լիբանան, կաթողիկոսարանի հրատարակութիւն, 2003, 115 էջ, հայերէն եւ անգլերէն (The Armenian Catholicosate from Cilicia to Antelias, An Introduction. Antelias, Lebanon: Catholicosate Publications, 2003, 115 pages):
Է.- Խմբագիր եւ համահեղինակ` «Միջին Արեւելքի մէջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներդրումը քրիստոնէական վկայութեան», կաթողիկոսարանի հրատարակութիւն, Անթիլիաս, Լիբանան, 2001, 212 էջ, հայերէն եւ անգլերէն (The Contribution of the Armenian Church to the Christian Witness in the Middle East. Editor, Co-Author. Antelias, Lebanon: Catholicosate Publications, 2001, 212 pages):
Ը.- «Ֆաթիմական հայերը. մշակութային եւ քաղաքական ներգործութիւն Միջին Արեւելքի մէջ», իսլամական պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան շարք, Լէյտըն (Հոլանտա), Ի.Ժ. Պրիլլ, 1997, 215 էջ, անգլերէն (The Fatimid Armenians – Cultural and Political Interaction in the Near East. Islamic History and Civilization Series. Leiden: E. J. Brill, 1997, 215 pages):
Թ.- «Յովհաննէս Երզնկացիի «Ի տաճկաց իմաստասիրաց»-ը եւ իմաստատիրական արձակը իսլամական աղբիւրներուն լոյսին տակ, Իխուան ալ Շաֆա, Պէյրութ, 1991, 230 էջ, հայերէն եւ անգլերէն (John of Erznka: ‘Views from the Writings of Islamic Philosophers’ and Philosophical Treatises in the Light of their Islamic Sources – Ikhwân al-Safâ, Beirut, 1991, 230 pages):
Ժ.- «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն. Ե. Տէմիրճիպաշեան, Տ. Չրաքեան-Ինտրա, Շ. Պէրպէրեան, Գ. Գավաֆեան, Դանիէլ Վարուժան», ՀԲԸՄ-ի հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1987, 246 էջ, հայերէն, Հայկաշէն Ուզունեան հայերէն լաւագոյն գիրք մրցանակի շահող 1987-ին (Pages of West Armenian Philosophical Thought – E. Temirjibashian, T. Chrakian-Indra, Sh. Perperian, G. Gavafian, Daniel Varujan, Beirut: A.G.B.U., 1987, Winner of H. Uzunian Award for Best Armenian Book of 1987, 246 pages):
ԺԱ.- «Լիբանանահայ նկարչութիւնը ինքնութեան տագնապին լոյսին տակ», Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հրատարակութիւն, Անթիլիաս, Լիբանան, 1984, 100 էջ, հայերէն եւ անգլերէն (Armenian Painting in Lebanon in the Light of the Crisis of Identity, Antelias, Lebanon: Catholicosate Publications, 1984, 100 pages):
Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանին գլուխ գործոցը` Միջնադարու հայ-իսլամական յարաբերութիւններու եւ հայոց քաղաքական միտքի փոխներգործութիւնը իսլամական աշխարհի հետ նիւթին շուրջ, վերոնշեալ անգլերէն եռահատոր հրատարակութիւններն են, որոնց մասին ակնառու պատմաբաններ իրենց կարծիքը յայտնած են, որոնցմէ ստորեւ կը ներկայացնենք օրինակներ.
Պատմաբան դոկտ. Տիգրան Գույումճեան կ՛ըսէ. «Մշակութային փոխյարաբերութիւնները կայուն գործընթացներ են, որոնք որոշ կանոններու չեն ենթարկուիր, այլ կը գործեն ընկերութիւններու կամքէն անկախ: Դժուար է ըմբռնել հեռաւոր թէ մօտիկ դրացիներու աւանդութիւնները` անոնց բազմազան ըլլալուն եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու կապուած բարդութիւններու պատճառաւ: Արդարեւ, մշակութային փոխներգործութիւնը միջազգային քաղաքակրթութիւնը կազմող անհրաժեշտ տարրերէն մէկն է: Ուսումնասիրութիւնները հարկ կը տեսնեն մեկուսացնել փոխյարաբերութեանց յատուկ պահեր եւ պարագաներ: Ուսումնասիրելով միջնադարու հայկական պատմութիւնն ու արուեստը, մասնաւորաբար` անոնց փոխներգործութիւնը հայոց եւ իսլամ ժողովուրդներու միջեւ, կարեւոր է մատնանշել նոր տարրերու մուտքը որոշ ազգի մը աւանդութեանց մէջ»:
Պատմաբան դոկտ. Կարապետ Մոմճեան կ՛ըսէ. «Նախաձեռնութիւն առի ուսումնասիրելու հայոց փոխազդեցութիւնը միջնադարեան իսլամական աշխարհին հետ, որ ծնունդ առած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այս ներգործութեան մղիչ ուժն է, ինչպէս ըսած է Նիցչէ` «sum ergo cogito», թարգմանաբար` «Գոյութիւն ունիմ, ուրեմն կը մտածեմ»: Գոյապաշտական մօտեցում` ամէն պարագայի տակ, որ այս երեւոյթին խթանիչ ուժն է: Այս ծիրին մէջ միջնադարեան իսլամական աշխարհի հետ հայկական յարաբերութիւններու մասին ուսումնասիրութիւնը կը նշանակէ արժեւորել ատենի պայմանները ու անոնց իմաստ տալ, որ կը նշանակէ, թէ ջանք թափուած է ստեղծելու եւ սահմանելու երկու ազգերու աւանդութիւնները մանրամասնօրէն: Ներկայիս լաւ կ՛ըմբռնեմ այս վիճակը, որովհետեւ իմ պատկանած սերունդիս` 1960-ականներու համար յատուկ է մեծնալ եռալեզու ընկերութեան մը մէջ` մզկիթներու, եկեղեցիներու, տեղական եւ միսիոնարական դպրոցներու, արեւելեան ու արեւմտեան գաղափարախօսութիւններու եւ սովորութիւններու համագոյութեան մէջ»:
Դոկտ. Աննա Օհանճանեան կ՛ըսէ. «Հայկական քննարկման-վիճաբանական գրականութիւնը 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն խորացած ու ծաւալած է խոր գիտակցութեամբ եւ տարածուած է ժողովուրդին մէջ օսմանեան ու սաֆաւիտ իշխանութիւններու ներքոյ: Այս մտայնութիւնը դուռ բացած է հայոց եւ իսլամներու միջեւ խաղաղ վիճաբանութեան: Այսպիսով, ծնունդ առած են երկու տարբեր աւանդութիւններու փոխյարաբերութիւնները եւ փոխներգործութիւնները: Վերջապէս, եռահատոր այս աշխատութեան մէջ դոկտ. Սեդա Տատոյեան կը բացատրէ հայոց կացութիւնը 970-ականներէն մինչեւ 14-րդ դարու վերջերը: Այս ժամանակաշրջանին հայոց կիսանկախ դրութիւնը աստիճանաբար փոխուեցաւ եւ յանգեցաւ ձեւով մը ինքնիշխանութեան` հարաւարեւելեան Փոքր Ասիոյ, հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ: Դոկտ. Տատոյեանի վիճարկումը այն է, որ եթէ հայերն ու Հայաստանը գոյութիւն ունեցած են Միջին Արեւելքի եւ իսլամական աշխարհի մէջ, ուրեմն Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը մաս կը կազմեն շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթին»:
Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան 1999-ին Հայաստանի Ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի կողմէ ստացած է «Դաւիթ Անյաղթ» մետալը, որ ամէնէն բարձր գնահատական մետալն է` հայ փիլիսոփայութեան միտքի ուսումնասիրութեան նուիրուած աշխատութիւններու հեղինակներուն տրուող, իր հայկական փիլիսոփայութեան հետազօտութիւններու մէջ կատարած ներդրումներուն համար: Իսկ 2015-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:
Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան իր գիտական աշխատութիւններով մեծ ներդրում ունեցած է` քիչ ուսումնասիրուած հայ փիլիսոփայական միտքի եւ հայ-իսլամական յարաբերութիւններու բնագաւառին մէջ նորութիւններ մէջտեղ հանելով, որոնց մէկ կարեւոր մասը անգլերէնով եւ օտար հրատարակչատուներու կողմէ լոյս տեսած ըլլալը մեծապէս կը նպաստէ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը օտար շրջանակներու ծանօթացնելու նուիրական եւ շնորհակալ գործին մէջ:
Պէյրութ