Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին

November 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաւելագոյն 3 կէտեր նշանակած Սթեֆ Քըրրի (Կոլտըն Սթէյթ) եւ Ճէյմս Հարտըն (Քլիփըրզ) իրար դէմ մրցեցան երէկ, Լոս Անճելըսի մէջ, ուր Քլիփըրզ կրցաւ 3 կէտերու առաւելութեամբ յաղթել 102-99 արդիւնքով:

Հարտըն երէկ հասաւ 2976-րդ յաջող 3 կէտերուն, մինչ Քըրրի նշանակած է 3788 յաջող 3 կէտեր: Մրցանիշը շատ հաւանաբար մնայ Քըրրիի հետ` նկատի ունենալով, որ երկու մարզիկներուն տարիքները մօտ են իրար, Քըրրի 36 տարեկան է, իսկ Հարտըն` 35:

Հարտըն պատմութեան միակ երեք մարզիկներէն է, որ մէկ եղանակի ընթացքին նշանակած է աւելի քան 300 երեք կէտեր: Ան 378 երեք կէտեր նշանակած է 2018-2019 եղանակին: Քըրրի 5 տարեշրջանի յաջողած է 300 կէտէն աւելի նշանակել: Քըրրի մրցանիշ ձեռք ձգած է 2015-2016 եղանակին` նշանակելով 402 երեք կէտեր: Երրորդ մարզիկն է այս ցանկին մէջ Քլէյ Թոմփսըն, որ 301 երեք կէտեր նշանակած է 2022-2023 տարեշրջանին:

Երէկուան մրցումին, Սթեֆ Քըրրի 26 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյմս Հարտըն` 12 կէտ եւ 16 էսիսթ:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ կրցաւ ձեռք ձգել տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը 130-119 արդիւնքով Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ: Ար. Ճէյ. Պարեթ 39 կէտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի, մինչ Փասքալ Սիաքամ 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 8-րդ պարտութիւնը կրեց 14-րդ մրցումին:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ կը շարունակէ իր ձախող արդիւնքները, հակառակ Ժոել Էմպիիտի վերադարձին: 76-ըրզ 106-89 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մայեմի Հիթի դաշտին վրայ:

Փոլ Ճորճ 18 կէտ նշանակեց, մինչ Էմպիիտ 11 կէտ նշանակեց միայն ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, որ իր 11-րդ պարտութիւնը կրեց 13 մրցումներու ընթացքին: Ճիմի Պաթլըր 30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մայեմիի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 134-106
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 130-119
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 106-89
Միլուոքի Պաքս – Հիւսթըն Ռոքեթց 101-100
Ֆինիքս Սանզ – Օրլանտօ Մեճիք 99-109
Սաքրամենթօ Քինկզ – Աթլանթա Հոքս 108-109
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-99
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ 112-122

Նախորդը

Ռուսիա Կրնայ Չմասնակցիլ 2026-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումներուն

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Զուիցերիա` 3-2

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.