Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ապպաս Արաղչին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Ըստ հայկական կողմին, անոնք խօսած են երկկողմանի օրակարգի, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու մասին:
Երկու դրացի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ յառաջիկայ միջոցառումները: Սակայն, հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ չկան, թէ ի՞նչ միջոցառումներու մասին է խօսքը, արդեօք քննարկուա՞ծ է շրջանին մէջ ապաշրջափակման հարցը:


