Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պատարագ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Բակին Մէջ

April 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 24 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Օրուան պատգամախօսն էր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան նկատել տուաւ, որ 97 տարիներ առաջ Երիտասարդ թուրքերու միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը եւ թրքական կառավարութեան ղեկավարները անհրաժեշտ գտան բնաջնջել համայն հայութիւնը եւ արմատախիլ ընել Հայաստան հասկացողութիւնը: Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ գործած վայրագ արարքներուն` աւելցնելով, որ այդ անմարդկային երեւոյթը 97 տարիներ ետք մեզի առիթ կ՛ընծայէ խղճի արդար քննութիւն մը կատարելու` ի յայտ բերելով վերլուծական 3 տարբեր խորագիրներ. ա) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել. պատգամախօս վարդապետը բացատրեց, որ մեր դատը պաշտպանելով մարդկութեան սորվեցուցած կ՛ըլլանք արդարութիւն, հաւատարմութիւն, միասնակամութիւն եւ սէր` ազգին, հայրենիքին եւ կրօնին նկատմամբ` աւելցնելով, որ պահանջատիրութիւնը հիմնուած է աւետարանի հոգիին վրայ: Բ) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ամրապնդել Հայաստան – սփիւռք համագործակցութիւնը: Ան ընդգծեց, որ սփիւռքը կը մնայ կամուրջը Հայաստանի, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր պետութիւններու միջեւ, աւելցնելով, որ այս համագործակցութիւնը պէտք է նպաստէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հոլովոյթին: Ան հաստատեց, որ Հայ դատը մեր գոյատեւման հիմքն է: Գ) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի նահատակ ժողովուրդի մը երազած գարունը: Ան նկատել տուաւ, որ Հայ դատը հետապնդելը դրական տուեալ մըն է խոստմնալից ապագայի մը համար: Եզրափակելով իր խօսքը` Սեպուհ վրդ. Կարապետեան մաղթեց, որ մօտ ապագային Հայոց ցեղասպանութիւնը իր արդար վճիռը ստանայ եւ ամբողջ հայ ազգը համախմբուի մէկ հողի վրայ եւ մէկ դրօշի տակ:

Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

 

 

Նախորդը

Եղեռնի Ոգեկոչման Գեղարուեստական Երեկոյ. «… Մինչեւ Վերջին Կաթիլը Պիտի Պայքարինք»

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի Արաբերէն Կայքէջը Լայնօրէն Կ՛Անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Ոգեկոչումներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.