Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղեռնի Ոգեկոչման Գեղարուեստական Երեկոյ. «… Մինչեւ Վերջին Կաթիլը Պիտի Պայքարինք»

April 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եղեռնի ոգեկոչման գեղարուեստական երեկոյ` «… Մինչեւ վերջին կաթիլը պիտի պայքարինք» խորագիրով:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան:

Ան յայտնեց, որ թուրքը ձախողեցաւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու, թանգարանին մէջ 1 հայ ձգելու եւ Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու իր ծրագիրին մէջ, իսկ այսօր` 97 տարիներ ետք թուրքը մտահոգ է եւ իրաւունք ալ ունի մտահոգուելու, որովհետեւ Հայաստանը ջնջելու փոխարէն ան դէմ յանդիման կը գտնուի սփիւռքացած ոգեղէն եւ հոգեկան հայաստաններու` աշխարհի չորս ծագերուն: Հանտեան այս իմաստով շեշտեց, որ թուրքը անտեղեակ է հայու ներքին ուժին, որ ան մոխիրներէն կրնայ տուն, եկեղեցի, դպրոց, մշակութային կեդրոն եւ ակումբ շինել:

«Մեր պահանջատիրութիւնը հիմնուած է արդարութեան, իրաւունքի եւ համամարդկային չափանիշերու վրայ, եւ անիկա կրնայ ունենալ միայն ու միայն մէկ աւարտ, որուն անունն է յաջողութիւն», ըսաւ Յակոբ Հանտեան:

Խօսելով մշակոյթի պահպանման մէջ հայուն թափած ջանքին մասին` Հանտեան յայտնեց, որ մենք կրցանք կազմաւորել հայկական գաղութ, պահել հայկական դիմագիծ` կառչած մնալով մեր մշակութային արժէքներուն: Այս առնչութեամբ Հանտեան կոչ ուղղեց մշակոյթով պայքարելու Հայ դատի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ, որովհետեւ մշակոյթի լեզուն հասկնալի է բոլոր ժողովուրդներուն համար:

Ինչ կը վերաբերի գեղարուեստական երեկոյին, Հանտեան ըսաւ, որ Համազգայինի աւանդութիւն դարձած է ապրիլ 24-ի յիշատակը ոգեկոչել արուեստի ճամբով` մեր պահանջատիրութիւնը ներկայացնելու արուեստի տարբեր մարզերուն ճամբով:

Հանտեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Արուեստն ու մշակոյթը դարձնենք մեր ամէնօրեայ կեանքի առանցքը, արուեստով զինուինք եւ զօրանանք` մեր արդար իրաւունքներով տիրանալու համար»:

Բացման խօսքէն ետք հերթաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները: Այգ երգչախումբը ղեկավարութեամբ խմբավար Զաքար Քէշիշեան մեկնաբանեց «Ave Maria», «Գետաշէն» եւ «Ապրիլ կրկին» երգերը:

«Արեգ» թատերախումբէն Սէրուժ Յովսէփեան ասմունքեց «Տէլէ Եաման»-ը` Ռոպերթ Առաքելեանի բեմականացումով: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը (նուագավար` Կարօ Աւեսեան) ներկայացուց փունջ մը նուագներ:

Ապա Բալիկ Լատոյեան դաշնակի, իսկ Հրակ Տեմիրճեան ջութակի վրայ նուագեցին Է. Պաղտասարեանի «Նոքթիւրն»-ը: Սարգիս Հալաճեան դաշնակի վրայ նուագեց «Վաղարշապատի պարը»:

«Արեգ թատերական դպրոցէն Սագօ Եագուպեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Ոգին ապրիլեան» բանաստեղծութիւնը:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, նուագեց «Զարթիր լաօ», «Արիւնոտ դրօշ» եւ «Արդեօք ովքեր են» երգերը:

Յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը 2 պարով (գեղարուեստական ղեկավար` Անդրանիկ Գրիգորեան), իսկ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց սուրերու պարը (գեղարուեստական ղեկավար` Յովհաննէս Խաչիկեան):

 

Նախորդը

Քայլարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղին

Յաջորդը

Ս. Պատարագ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Բակին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.