«… Աշխարհական ամբոխիւ, աղմոսիւք եւ օրհնութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբք, կանթեղօք վառելովք եւ ջահիւք բորբոքելովք եւ խնկօք բուրելովք եւ ամենայն լուսաճաճանչ գնդիւն, եւ այնու խաչանշան լուսաւոր յառաջախաղաց նշանաւն, յՕշականն ելանէին…» (Կորիւն ԻԷ.7):
Հեռուէն, շա՜տ հեռուէն սքեմազգեացներու դաս մը կու գար… Այդ պարտասուն թափօրը եկած էր Հռոմկլայէն, Դրազարկէն, Լամբրոնէն, Սկեւռայէն, Սիսէն… Կտրած էր Եփրատը, Տիգրիսը եւ Մայր Երասխը. Մասեաց շուքին տակ կ՛ընթանար կուռ, յամրաքայլ, բոկոտն` զերդ ուխտաւոր օդիկ մը: Կը դիմէին դէպի քղանցքը թխպահոծ Արագածի…
***
13 օգոստոս 1930. ակնոցաւոր եպիսկոպոս մը, թէեւ` դոյզն ինչ տատամսոտ, սակայն լրիւ անձնավստահ, առաջին անգամ իբրեւ բնակիչ ոտք պիտի դնէր Անթիլիասի որբանոց: Անթիլիասի ծովեզերքը հայ որբուկներու ոստան մըն էր («Նիր Իսթ Ռիլիֆ» հաստատութեան պատկանող). գետը` որբերու մկրտութեան առթիւ հայ միւռոնով նուիրագործուած, այերքը` որբերու չանսացուող իղձերով տոգորուն, իսկ որբանոցին շէնքերուն «շաղախը` որբերու քրտինքով կազմուած …» (Սահակ Բ. կթղ.): Տարածքը հայու շունչով սրբագործուած էր, կը սպասէր իր նոր բնակիչները` ապագայի անթիլիասականները: Հո՛ն սկիզբ կ՛առնէ պատմութիւնը Անթիլիասի նորահաստատ Կիլիկեան հայրապետանոցին եւ դպրեվանքին:
Նպատակը յստակ էր եւ պիտի իրագործուէր անստերիւր. «Այս հոգեւոր դպրանոցէն պիտի ելնեն մեր եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներն ու վարիչները»: Գաղթական ժողովուրդի մը եկեղեցական եւ ազգային վերակազմակերպումը ամբողջովին կախեալ էր այս նորաբաց հաստատութենէն, որուն հիմնարկութեան համար Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը պատրաստ էր «ամէն զոհողութիւն ընելու»: Հայքերու, Կիլիկիոյ եւ Միջագետքի անապատներու անմահ հայոց խնկաբոյր ոսկերտիք` ընձիւղ առ ընձիւղ, Անթիլիասի նարնջենիներու մրգաստաններու միջտանքին` կը ծլէին իբրեւ անխօս անմոռուկներ. ազգը տակաւ կը վերակագնէր: Սահակ-Բաբգէն սրբազնակատար կաթողիկոսներ այս առաքինի քայլով իրենց որդւոց` Կիլիկիոյ տարագիր հայութեան, եւ առ հասարակ հայութեան կեանքին մէջ նոր դարագլուխ մը բացին… Պաշտօնապէս սկսած էր մեռած կարծեցեալ ժողովուրդի մը յարութեան շրջանը:
Նուիրական առաքելութիւն մըն էր դպրեվանքինը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ շնորհազարդ կաթողիկոսներու անմիջական հոգատարութիւնը վայելող այս հոգեւոր-կրթական հաստատութիւնը հաւատարիմ մնաց երկուց կաթողիկոսաց սկզբունքներուն. սկզբունքներ, որոնք նորաբոյս բարունակներն էին Սրբոց Թարգմանչաց անսպառ ժառանգութեան որթին` պերճ եւ ժամանակակից պահանջներուն ճահաւոր. աշխատանքի սէրը, գործակցութիւնը, գիտութիւն ամբարելու ներքին հակակշռուած ազատութիւնը, անհատ անձին արժէքաւորումը, փորձառական ուսման ընձեռումը եւ մասնագէտ մշակներու պատրաստութիւնը (Եղիայեան, 1975) դպրեվանքի ուսումնական առաքելութեան հիմնական ուղղութիւններն եղան: Ուսումնականէն անդին` Կիլիկեան դպրեվանքը թէ՛ Անթիլիասի եւ թէ՛ Պիքֆայայի իր զոյգ պատմաշրջաններուն` հաստատութիւն մը չեղաւ, ուր սաներ միա՛յն տարր, ատաղձ կամ գիտելիք ստանային. ո՛չ, ամենեւին: Դպրեվանք աւանդեց այն, ինչ այլուր չկայ. ան վեր էր սովորականէն: Դպրեվանքը ուսումէն անդին` սերունդներ թրծեց` անբասի՛ր քրիստոնէականով, անխա՛ռն մարդկայնութեամբ, ճշմարի՛տ հայկականութեամբ: Աւելի՛ն. դպրեվանքը իբրեւ առաջատարը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդին` ոգի՛ փոխանցեց իր ձեռնասուններուն, ոգի՛. «Քանզի ոչ որպէս զարուեստ ուսուցանէր, այլ իբրեւ զհոգի առաքելաբար աշակերտացն տայր» (Խորենացի Կ.3). իրապէս արդարացի է Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին հաստատումը, թէ` «Դպրեվանքը ՈԳԻ է»…
Դպրեվանքը կ՛ընթանայ յառաջ` որպէս Դաւիթ մը ընդդէմ նորօրեայ Գողիաթներու… Ա՛յսօր եւս, ի հեճուկս վառօդի ժահին, հրափամփուշտներու ժխոռին, զանգուածային թոհուբոհին եւ հաւաքական անճրկութեան, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի իւղէն սնանող Կիլիկեան դպրեվանքի վառ պատրոյգը կը ցանկորդէ իր լուսաւորական աշխատանքը` Պիքֆայայի բարձունքէն: Սրբոց Թարգմանչաց տօն մը կրկին սկիզբ կը դնէ դպրեվանեան նոր տարեշրջանի մը. Սուրբ Աստուածածին գողտրիկ մատուռը կրկի՛ն կը զուարճանայ ժառանգաւորներու հագագներէն գլգլացող «Որք զարդարեցին» շարականով եւ Սուրբ Թարգմանիչներ ի վերուստ իրենց օրհնութիւնները կ՛առաքեն դէպի եկեղեցւոյ այդ մատղաշ հոգեակները: Ամէն ինչ վերսկսած է: Կիլիկեան դպրեվանքը այս անգամ կը սկսի առաւե՛լ հաստատաքայլ, առաւե՛լ վճռական, առաւե՛լ զօրացեալ… Դպրեվանքը որպէս թագադրեալ դշխոյ մը ի հանդերձս ոսկեհուրս զարդարեալ եւ պաճուճեալ` օգոստափառօրէն կը տօնէ իր իննսունհինգամեայ կեանքին նուաճումները` ախոյեանի մը հանգունակ յաղթապանծօրէն հայելով հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի տարբեր-տարբեր վերիվայրումներուն… Դշխոն կը տօնէ իր առագաստի զաւակներուն պսակումը… Կը տօնէ ազգի մը յարութիւնը` յաղթանակը Սրբոց Թարգմանչաց առաքելութեան…
***
Տաճար մըն էր անպաճոյճ` մութ եւ սեւաթորմի: Բեմին տակ աննշան նկուղէ մը տարտամ լոյս մը կու գար. ո՛րքան մօտեցան, ա՛յնքան յստակացաւ, ա՛յնքան պայծառացաւ… Յեղակարծօրէն, համակ դասն ծունկի եկաւ` շշմած եւ արտասուաթոր…. Ո՜հ, ի՛նչ հրաշալի պատկեր. ալեւոր հոգեւորական մը ձախ ձեռքը կուրծքին վրայ հանգչեցուցած էր, աջը գրիչ մը բռնած մագաղաթ կը ծաղկէր, իսկ պսպղան աչուըներն` ամենեւին առինքնուած եւ երկնապիշ, անմատոյց Լոյսը կը փառաւորէին… Եւ դարձաւ այդ սուրբը դէպի իր աշակերտներն հաւատարիմ եւ ըսաւ. «Պի՛նդ կալարուք զաւանդն, զոր ընկալայք ի մէնջ»: Եւ տուաւ առկայծ լուցան մը եւ օրհնելով արձակեց իր հաւատարիմ աշակերտները: Այդ լուցանը մի՛շտ կը վառի, ցորքան ժամանակս հայը կ’ապրի…



