Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ժողովուրդը Եթէ Ընդվզեցաւ, Հարկադրուած Ընդվզեցաւ

Նոյեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Լաւ կը հասկնամ Հայաստանի իրավիճակը շրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղական զարգացումներուն մէջ: Տողերս կը գրեմ, որովհետեւ    տարօրինակ մտայնութիւն մը սկսած է հետզհետէ գետին գտնել այսօրուան Հայաստանին մէջ: Գուցէ եւ գայ այն օրը եւ ըսուի՝ սխալած էինք…Յուդան ալ  մեր  բարեկամն էր…

Հայ ազգային ազատագրական պայքարը հետեւանք է եւ ո՛չ պատճառ հայ  ժողովուրդին ապրած  հարիւրաւոր տարիներու ողբերգութեան:

Ոմանք կը փորձեն ազգային ազատագրական շարժումներուն կամ Կովկասի սահմանագլուխներուն վրայ հայ կամաւորական շարժումներուն վերագրել հայ  ժողովուրդի դժբախտութեան պատասխանատւութիւնը: Զգո՛ւշ, Համիտեան ժամանակաշրջանէն հինգ հարիւր տարի առաջ սկսած էին հայ ժողովուրդին դէմ  բռնութիւնները, զանգուածային կոտորածները: Այդ համատարած ջարդերուն, բռնութիւններուն, անիրաւութիւններուն հետեւանք եւ ծնունդ են մեր յեղափոխական կազմակերպութիւնները:

Այսօր չկայ մէկը, որ այլեւս կարենայ ծածկել Էնվերներու, Թալէաթներու,  Ահմետ Ռիզաներու, Ճեմալներու, Պեհաէտտին Շաքիրներու եւ այլ մարդասպաններու  մեղսակցութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած   ցեղասպանութեան:

Բայց իսկապէս կա՞ն հայեր, որոնք կը հաւատան, թէ իրօք հայ ժողովուրդի  բնաջնջումը եւ տեղահանութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ գոյութիւն ունեցած  չըլլային ազգային ազատագրական պայքարի շարժումները:

Հայ ազգային ազատագրական պայքարէն շատ առաջ, 1870-ականներէն հայ  ժողովուրդի հարստահարութեան հարցը բարձրացած էր թրքական   իշխանութիւններուն: Սակայն, հակառակ տրուած խոստումներուն,  եւրոպական երկիրներու երաշխիքներուն, ոչինչ կը փոխուէր արեւմտահայութեան ծանր  իրավիճակէն:

Եւ որպէսզի անգամ մը եւս շեշտենք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ հալածանքները  եւ կոտորածները ոչ մէկ կապ ունէին հայ ազգային ազատագրական պայքարի շարժումներուն հետ, կը փափաքիմ պատմական կարեւոր դէպք մը յանձնել ընթերցողին ուշադրութեան:

1876-ին, երբ արդէն սկսած էր ռուս-թրքական պատերազմը, ճարահատ Բ. Դուռը  իր հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը խոստանար պատերազմը աւարտելէն անմիջապէս ետք երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ ամբողջութեամբ գործադրել խոստացուած բարենորոգութիւնները: Ներսէս պատրիարքը, օրուան թրքամոլ Քաղաքական ժողովէն ազդուած, հայ ժողովուրդին ուղղեց կոնդակ մը, որուն մէջ այս  տողերը կը կարդանք. «Հայ ազգն, որոյ ճակատագիրն այսչափ դարերէ ի վեր   նուիրագործեալ կապերով միացած է օսմանցւոյն ճակատագրին հետ, չի կրնար  անտարբեր մնալ Օսմանեան տէրութեան գտնուած արդի ծանրակշիռ պարագայից  մէջ, այլ պարտաւոր է ինչպէս ամէն ժամանակ, նոյնպէս եւ առաւել եւս ներկայ ժամանակիս մէջ անկեղծ օժանդակութիւն մատուցանել:  Այս օժանդակութիւնն  ընելով   հայրենասէր հայը, նոյնիսկ իր ազգային շահը պաշտպանած կ՛ըլլայ, վասնզի Օսմանեան երկիրը պաշտպանել Հայաստանը պաշտպանել ըսել է, նոյնիսկ հայուն  կրօնքը, դպրոցը, ինչքը, տունը, ընտանիքը եւ պատիւն ու կեանքը պաշտպանել ըսել  է»:

Պոլսոյ մէջ տարբեր լեզուներով կը թարգմանուէր եւ կը հրատարակուէր  պատրիարքական այս կոնդակը: Եւ երբ անիկա կ’ընթերցուէր գաւառի եկեղեցիներուն  բեմէն, ճիշդ նոյն պահուն, հայուն կրօնը, դպրոցը, ունեցուածքը, տունը, ընտանիքը, պատիւն ու կեանքը կը բռնաբարուէին Արեւմտահայաստանի մէջ, օսմանեան կանոնաւոր զօրքերու ձեռքով:

Այսուհանդերձ, նոյն օրերուն, Ներսէս պատրիարքը յատուկ ժամադրութեամբ   պալատ կը ներկայանար Սուլթան Համիտին հաւաստիացնելու, թէ հայ ժողովուրդը  ըստ ամենայնի իր օժանդակութիւնը կը խոստանայ Ռուսիոյ դէմ Օսմանեան կայսրութեան  պատերազմին: Սուլթանը հայոց ազգէն չափազանց գոհ ըլլալը կը յայտնէ:

Պատրիարքը, իր շողոքորթութիւնը չափազանցութեան տանելով, խօսքը     հայասպանին ուղղելով կ՛ըսէ. «Երանի թէ այսպիսի բարի, հազուագիւտ եւ հրեշտակային թագաւորի մը արժանաւոր հպատակը ըլլայինք…»:

Այդ հաւատարմութեան եւ գոհունակութեան համիտեան ոսկեզօծ խօսքերուն կը յաջորդեն թուրք  զօրքերուն կողմէ Վանի շուկային հրդեհը, աւարառութիւնը, ջարդերն ու յափշտակութիւնները, քսանէ աւելի գիւղերու հիմնայատակ   քանդումը:

Այս գազանային վայրագութիւններուն ժամանակ ստրկամիտ թրքամոլութիւն մը, պահպանողական հպատակասիրութիւն մը միայն գոյութիւն ունէր մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան մէջ, եւ ո՛չ ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարը:

Յուսախաբուած գործուող վայրագութիւններէն, Վարժապետեան ձեռքի տակէ մարդ ղրկեց Սան Սթեֆանօ հասած ռուսահայ զօրավարներուն, որպէսզի ռուս-թուրք համաձայնագրութեան մը ծիրին մէջ մուծեն նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի  բարեկարգութիւնները: Եւ այդպէս ալ եղաւ, ու ծնունդ առաւ հայանպաստ 16-րդ յօդուածը:

Պատմական իրողութիւնները պէտք է անհրաժեշտօրէն տարհամոզեն բոլոր այն միակողմանի մտածող անհատները, կազմակերպութիւնները, քաղաքական  հոսանքները, որոնք անտեսելով մեր ժողովուրդին ցաւագին պայմանները,  պատմութիւնը թունաւորելու յամառութեամբ, կայսերական հայրենասիրութեան եւ այլ  լոզունգներով մտքերնին դրած են անպատճառ մուր շպրտել հայ ազգային ազատագրական պայքարի  երեսին:

Հայ ազգային ազատագրական պայքարին հիմնապատճառները սուլթաններու եւ Իթթիհատի հայաջինջ քաղաքականութեան գործադրութեան անընդհատ   շարունակութեան, խոստացուած բարեկարգութիւններուն գործադրուած չըլլալու   յուսախաբութեան, եւրոպական դիւանագիտութեան հակամարդկային, պողպատէ անտարբերութեան եւ հայ ժողովուրդի տառապանքին ամէնօրեայ սաստկացումին մէջ  պէտք է փնտռել եւ ոչ այլուր: Եթէ գոյութիւն չունենային մատնանշուած  պատճառները, տրամաբանօրէն եւ ինքաբերաբար գոյութիւն պիտի չունենար լինելութեան պայքար:

Հայ ժողովուրդը ակամայ դիմեց ազգային ազատագրական պայքարի ընտրանքին՝ իբրեւ փրկութեան վերջին  լաստակ:

Եթէ կան անհատներ, քաղաքական դէմքեր, քաղաքական հոսանքներ, որոնք  ժամանակի եւ պայմաններու ճնշման տակ ազգային ազատագրական պայքարը  յանցանք կը նկատեն, այդ յանցանքին պատասխանատուութիւնը   նախընտրելի  պիտի  ըլլար երթալ եւ թուրքերու ու եւրոպացիներու մէջ փնտռել, որովհետեւ անոնց ցոյց տուած հակամարդկային վերաբերումէն ծնաւ մեր պայքարը:

Հայը ժողովուրդը եթէ ընդվզեցաւ, հարկադրուած ընդվզեցաւ: Այդ անխուսափելի ծանր պատասխանատուութիւնը նախամեծար նկատեց իր   հանապազօրեայ տառապանքէն, իր ամենօրեայ լլկումներէն եւ բռնաբարումներէն:

Ցաւալի է, երբ կարգ մը անհատներ, քաղաքական դէմքեր, ընդդիմախօսելու եւ կամ հաճոյանալու ներքին գրգիռէն մղուած, կը ջանան հաւկիթի նման կլլել Թուրքիոյ յերիւրած ինքնարդարացումի զրոյցները եւ մարսելէ ետք  հրամցնել ուրիշներուն:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Յայտարարութիւններուն Ընտրական Եւ Քաղաքական Շարժառիթները

Յաջորդը

Շուշիի Եւ Յարակից Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ. Կոտորած Եւ Աւերածութիւններ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?